Ուրբաթ, 27 Մարտին առաւօտեան կանուխ ժամերէն շուրջ 30-ի հասնող իրաւապահ մարմիններ ու դիմակաւոր ապահովական ուժեր Շիրակի թեմի առաջնորդարան ուղղուեցան կալանաւորելու թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը: Ընդհանուր դատախազութիւնը մէկ շաբաթ առաջ քրէական վարոյթ նախաձեռնած էր Միքայէլ սրբազանի նկատմամբ` յեղաշրջում կատարելու կոչի մեղադրանքով: Երբ պարզուեցաւ, որ սրբազանը իր նստավայրը չէ, այլ ուղղուած է Ս. Էջմիածին քահանայից ժողովին մասնակցելու, ոստիկանութիւնը եւ իրաւապահ մարմինները Էջմիածին ուղղուեցան: Հաւաացեալներ հաւաքուած էին վեհարանի տարածքը՝ ի զօրակցութիւն Ս․ Էջմիածնի։
Փաստաբան Արա Զոհրապեան Մայր աթոռին մէջ հաւաքուածներուն եւ Շիրակի թեմի առաջնորդին ներկայացուց սրբազանին նկատմամբ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի մանրամասնութիւնները. «Կը ներկայացուի Քննչական Կոմիտէի քննիչի որոշում, որուն համաձայն պէտք է Միքայէլ սրբազանին ձերբակալեն` կալանաւորման ներկայացնելու նպատակով: Այս քրէական գործը յարուցուած է Ներքին Գործոց Նախարարութեան ոստիկանութեան վարչութեան կողմէ 17 Յունիսին ստացուած հաղորդման հիման վրայ, առիթը 3 Փետրուար 2024-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Միքայէլ սրբազանի խօսքերն էին»:
Հոգեւորականները Միքայէլ արք. Աջապահեանին կոչ ուղղեցին դուրս չգալ Մայր աթոռէն, որ շրջափակուած էր Ազգային անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ իրաւապահներու կողմէ: Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան դիմատետրի իր գրառումով շեշտեց, որ «Հայաստանի ամբողջ հոգեւոր դասը պատրաստ է կալանաւորուելու»: «Բոլորս Մայր աթոռին մէջ ենք: Եկած են Մայր աթոռ. Սուրբ Էջմիածինէն կա՛մ մեզ բոլորս կը տանիք, կա՛մ ալ մեր դիակը»
:
Միքայէլ արք․ Աջապահեան Մայր աթոռին մէջ յայտարարեց․ «Ինչ որ կը կատարուի, բացարձակ ապօրինութիւն է, բայց ես երբեք չեմ թաքնուած եւ հիմա ալ չեմ պատրաստուիր թաքնուիլ: Չեմ ուզեր իմ եղբայրներուն թիկունքը թաքնուած ըլլալու տպաւորութիւն թողուլ: Եկած են զիս տանելու, ես պիտի երթամ: Ես սպառնալիք չեմ այս երկրին համար, սպառնալիքը կառավարութեան մէջ նստած է»։ Միքայէլ սրբազանին շուրջ համախմբուած էին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, միաբան հայրեր եւ հաւատացեալներ: Այս միջոցին սկսան անդադար ղօղանջել Ս. Էջմիածինի զանգերը: Ներկայ գտնուողները թոյլ չտուին, որ իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները բռնի ուժով բերման ենթարկեն Միքայէլ սրբազանը:
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը հաղորդագրութիւն հրապարակելով յայտնեց, որ «համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ իրաւապահներու կողմէ դրսեւորուած պահուածքը, ուժի կիրարկումը քաղաքացիներու նկատմամբ դատապարտելի է եւ անընդունելի: «27 Յունիսի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու ուժեր, մուտք գործելով Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ վեհարանի տարածք, փորձած են ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, որ Մայր աթոռ ժամանած էր քահանայից տարեկան ժողովի առիթով իբրեւ հաւաքի համակարգող: Հակառակ այն հանգամանքին, որ Միքայէլ սրբազանը պատրաստակամութիւն յայտնած էր մեկնիլ Քննչական կոմիտէ եւ կը փորձէր իրաւապահ մարմինի ներկայացուցիչներու հետ նստիլ մեքենայ, քաղաքացիները եւ ներկայ հոգեւորականները բողոքի ձայն բարձրացուցին` տեսնելով դիմակաւորուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան ծառայողներու մեծ հոսքը», ըսուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Միքայէլ սրբազանը, ըստ Մայր աթոռի յայտարարութեան, «Որոշեց չխուսափիլ ներկայացուած պահանջէն եւ մեկնիլ Երեւան` ներկայանալու Քննչական Կոմիտէին»:
Մայր աթոռը յորդորեց ժողովուրդին չտրուիլ սադրանքներով, պահպանել զգօնութիւնը եւ օրինական բոլոր միջոցներով սատարել եկեղեցւոյ:
Միքայէլ արք. Աջապահեան այնուհետեւ ինքնակամ գնաց երեւան` Քննչական կոմիտէ: Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մօտ հաւաքուած աջակիցները եւս հետեւեցան անոր: Արքեպիսկոպոսը երթը սկսաւ հետիոտն, ապա որոշ ժամանակ անց նստեցաւ ինքնաշարժ` ճանապարհը շարունակելու համար: Խումբ մը քաղաքացիներ Էջմիածինէն հետիոտն ուղղուեցան Երեւան Միքայէլ սրբազանին հետեւելու: Էջմիածինէն դուրս գալէ ետք ոստիկանները անոնցմէ քանի մը հոգին բերման ենթարկեցին: Շուտով Միքայէլ սրբազանը հասաւ Քննչական Կոմիտէ:
Այս տուեալներնու լոյսին տակ, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Էտմոն Մարուքեան առաջարկեց` Միքայէլ սրբազանը վարչապետի թեկնածու առաջադրել եւ Նիկոլ Փաշինեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսիլ:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը եւս յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ խմբակցութեան 28 պատգամաւորներու ստորագրութիւններով կը միանայ անվստահութիւն յայտնելու նախաձեռնութեան: Սակայն Միքայէլ սրբազան կտրականապէս մերժեց իր թեկնածութեան առաջադրումը, շեշտելով որ պիտի շարունակէ իր հոգեւոր ծառայութիւնը։
«Քննիչը միջնորդեց դատարանին կալանաւորելու Միքայէլ արք. Աջապահեանը: Ձերբակալման պահէն 24 ժամուան ընթացքին դատարանը պէտք էր որոշում գոյացնէր», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ անոր փաստաբան Արա Զոհրապեան:
Միքայէլ արք. Աջապահեանին փաստաբանը այնուհետեւ տեղեկացուց, որ սրբազան հայրը ձերբակալուեցաւ մօտաւորապէս ժամը 6:00-ին:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական բաժինի համակարգող Տէր Եսայի քահանայ Արթենեան վստահեցուց, որ Եկեղեցին օրինական բոլոր միջոցներով հետամուտ պիտի ըլլայ արդար դատավարութեան իրականացման։
Յայտնենք, որ երէկուան դէպքերուն ձերբակալուեցան նաեւ ՀՅԴ «Ն․Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ Հայաստանի երիտասարդական միութեան աւելի քան մէկ տասնեակ անդամներ: