Սուրիոյ առեւտուրի նախարար Մուհամմետ Եըսըր Պարնիէ շեշտեց, որ ԱՄՆ-ի նախագահին հրամանագիրը, որուն համաձայն Սուրիոյ դէմ պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները վերջնականապէս չեղեալ պիտի համարուին, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ տնտեսութեան վրայ։

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ամերիկեան Ելեւմտից Նախարարութեան աշխատակազմի գործակցութեան եւ Սուրիոյ դիմագրաւած մարտահրաւէներու ըմբռնման համար։

Պարնիէ աւելցուց, որ հրամանագիրը չեղեալ կը համարէ նախապէս հրապարակուած 5 հրամանագրեր, որոնք հիմքը կը հանդիսանային 5000 սուրիական կողմերու ուղղուած բազմաթիւ պատժամիջոցներու։ Հրամանագիրը չեղարկեց 2004-ին պարտադրուած արտակարգ իրավիճակը, որպէս նախապատրաստական քայլ տնտեսական պաշարման վերացման եւ ԱՄՆ-էն Սուրիա ապրանքներու արտածման։