ԱՄՆ Ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Իլհան Օմար եւ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Աննա Պաուլինա Լունա ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին ներկայացուցին Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու մեղմացման առնչուող օրինագիծ մը։

Օրինագիծը կը չեղարկէ Սուրիոյ նկատմամբ գործող պատժամիջոցներու ծրագիրները եւ անոնց առնչուող իրավական հղումները, գործնականօրէն վերջ դնելով Քոնկրէսի կողմէ բոլոր ոլորտներուն նկատմամբ սահմանուած համապարփակ պատժամիջոցներուն։

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մայիսին Ռիատի մէջ յայտարարեց Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու չեղարկման իր որոշումը, դիտել տալով որ իր վարչակազմը այսպիսով առաջին քայլը առաւ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով։