Կիրակի, 29 Յունիս 2025-ին, հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետի գահակալութեան 30 ամեակին առիթով։
Վեհափառ Հայրապետին ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 28 Յունիս 1995-ին, իսկ օծումը՝ 1 Յուլիսին։
Նորին Սրբութեան կաթողիկոսական ընտրութեան ու օծման 30-ամեակին ուրախալի ու բերկրալի առիթով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, մեր Սրբազնագոյն Հայրապետին կը մաղթենք արեւշատ օրեր եւ գահակալութիւն երկար տարիներ՝ եկեղեցաշէն ու ազգակերտ իրագործումներով հարուստ։