Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարները անցնող օրերուն Պոլսոյ մէջ կայացած հաւաքի աւարտին ընդունած են եզրափակիչ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին:
Ողջունելով «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» երկկողմանի համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու աւարտը՝ իսլամական երկիրները կոչ ուղղած են Հայաստանին «յաղթահարելու համաձայնագրի ստորագրման իրաւական ու քաղաքական խոչընդոտները եւ դադրեցնելու Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան սասանումը»:
Կազմակերպութիւնը, որուն կ’անդամակցի 57 պետութիւն, վերահաստատած է իր լիակատար աջակցութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ «հայկական նախայարձակումէն տուժած, ազատագրուած տարածքները վերականգնելու եւ վերակառուցելու ջանքերուն»: