Պաշտօնական Երեւան խորապէս հիասթափուած է Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան նախարարական վերջին համաժողովի շրջանակներուն մէջ ընդունուած «Պոլսոյ հռչակագիր»-էն եւ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումներէն: «Տուեալ փաստաթուղթերուն մէջ արտայայտուած շեշտադրումները կը հակասեն շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման շահերուն եւ տրամաբանութեան», նշուած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն իրողութիւնը, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի խօսոյթը մարդու իրաւունքներու քողին տակ Ատրպէյճանի կողմէ յստակ տարածքային պահանջ է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ, ինչ որ կը փաստուի նոյնիսկ այդ նպատակով արհեստականօրէն ձեւաւորուած «կազմակերպութեան» հիմնադիր փաստաթուղթերուն մէջ:
«Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Հայաստանի մէջ բնակած ատրպէյճանցիներուն, անոնք Խորհրդային Միութեան գոյութեան վերջին տարիներուն Հայաստանէն հեռացած են կամաւորաբար, կրցած են վաճառել կամ փոխանակել իրենց գոյքը կամ ստացած են փոխհատուցում Հայաստանի կառավարութենէն: Ցաւօք, նոյնը չէ եղած հայերու ճակատագիրը Ատրպէյճանի՝ Պաքուի, Սումկայիթի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր տեղի ունեցած են հայերու կոտորածներ եւ բռնի տեղահանում, իսկ նոյնօրինակ վերջին դրսեւորումին մեր շրջանին մէջ աշխարհը ականատես եղաւ 2023 թուականի աշնան, երբ աւելի քան 115 հազար հայեր ստիպուած եղան լքել Լեռնային Ղարաբաղը՝ ենթարկուելով ցեղային զտման», ընդգծած է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
«Շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումով հետաքրքրուած գործընկերներու կողմէ աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար յորդորել Ատրպէյճանը առանց անտեղի յետաձգման ստորագրելու համաձայնագիրը՝ զերծ մնալով այդ ճամբուն վրայ արհեստական խնդիրներ յարուցելէ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Խոր ափսոսանք կը յառաջացնէ նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւը. անտեսելով Ատրպէյճանի հսկողութեան ներքեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան շարունակական ոչնչացումն ու անոր նկատմամբ համակարգուած վանտալիզմը՝ բանաձեւը հարցին կը փորձէ հաղորդել կրօնական երանգաւորում՝ ստեղծելով թիւր եւ վտանգաւոր թեզեր», ընդգծած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղած է վերոնշեալ փաստաթուղթերուն միացած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն՝ «վերանայելու եւ վճռականօրէն հրաժարելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը թիրախաւորող եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացը վտանգող կողմնակալ նախաձեռնութիւններէ»: