Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ուրբաթ, 6 Յունիս 2025-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Եփրատ վարժարանի վեցերորդ կարգի ամավերջի հանդէսը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, յարաբերական մարմինի, թաղականութեան, հոգաբարձութեան, ազգային վարժարաններու տնօրէններուն, վարժարանի ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտներու ծնողներուն։

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի քայլերգներով, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ կանխաւ շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտներն ու ծնողները, անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ առաւել բարձր դիրքերու արժանացում։

Ղուկասեան ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, այսօր հրաժեշտ կուտաք ձեր սիրելի վարժարանին։ Վեց տարիները շուտ անցան եւ ահա ժամը հասաւ հունձքի եւ բերքահաւաքի։ Այսօր նաեւ մեկնարկն է յառաջիկայ հանգրուանին, ուր առաւել պատասխանատուութիւն եւ գիտակցութիւն կը պահանջուի։
Միշտ ընտրեցէ՛ք լաւագոյնը, զինուելով բարձր գիտակցութեամբ, դառնալու հմուտ մասնագէտներ, բարձր պահելու ձեր ընտանիքին անունը, միաժամանակ միշտ պատրաստ ըլլալու ազգին, եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին ծառայութեան»:

Ապա անդրադարձաւ հայոց լեզուի եւ պատմութեան պահպանման եւ ուսուցման անհրաժեշտութեան, որպէս երաշխիք մեր ինքնութեան եւ լինելութեան։

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր պատրաստուած էր այս առիթով։ Արդարեւ, աշակերտները յաջորդաբար բեմ բարձրացան՝ ներկայացնելով խմբային համադրուած ասմունք, նուիրուած հայոց լեզուին։
Որմէ ետք «հայ դատ» խորագիրով թատերական ներկայացում մը հրամցուցին։
Ետքը աշակերտները բուրգեր կազմեցին, Ռաֆֆի Օհանեանի պատրաստութեամբ ։
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ արաբերէն ասմունք, խմբային երգերու կատարում, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեանի։

Հուսկ, տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում եւ առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրում, ձեռամբ արժանապատիւ քահանայ հօր։
Առաջին հանդիսացան
-Փաթիլ Մելքոնեան
-Ճատ Սայեղ
-Ստիւ Լահտօ
-Սէրկէյ Կարապետեան

Երկրորդ հանդիսացան
-Ռոզ Իպրահիմ
-Պայքար Կարապետեան
-Առէնի Վարդանեան
-Մեղեդի Ղազարեան

Երրորդ հանդիսացան
-Սերժ Ասատուրեան
-Փաթիլ Սարգիսեան
-Մուրատ Սարգիսեան
-Սերժ Կարապետեան:

Քահանայ հայրը իր խօսքին մէջ նախ շրջանաւարտ աշակերտներուն եւ ծնողներուն փոխանցեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը, ապա իր կարգին շնորհաւորեց աշակերտները եւ ծնողները, յորդորելով ծնողները շարունակել իրենց քաջալերանքը հայոց լեզուի ուսուցման եւ սատար հանդիսանալ դպրոցի վերելքին, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. «Երբեք մի՛ մոռնաք ձեր մայրենի լեզուն։ Հպարտօրէն խօսեցէ՛ք մեր պատմութեան մասին եւ երախտապարտ եղէ՛ք ազգային դպրոցներուն, որոնք ձեզի հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն կը ջամբեն»։

Քահանայ հայրը գնահատեց հոգաբարձութիւնը իր ժրաջան աշխատանքին համար, գնահատեց նաեւ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ հանդիսութիւնը կազմակերպողները, ինչպէս նաեւ ուժ եւ կորով մաղթեց բոլոր բարեսիրական միութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք իրենց ներդրումով եւ աջակցութեամբ սատար կը հանդիսանան վարժարանի վերելքին
։
Հանիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով: Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում։

Բժշկ. Մարի Մելքոն