Հայ երիտասարդութեան միջեւ գործակցութեան ոգի սերմանել, միասնաբար մտածել, քննել ու մրցակցութեան ոգին արթնցել. այս բոլորը կարելի դարձան մէկ երդիքի տակ, երբ Քրիտափոր Ուսանողական Միութիւնը իր յիսնամեակին առիթով համախմբեց տարբեր միութիւններու ուսանողները՝ մտային մրցակցութեան, գիտելիքի կարեւորութեան շեշտադրման եւ առողջ յարաբերութեան խթան հանդիսանալու միտումով։

Շաբաթ, 21 Յունիս 2025-ին, «Լեւոն Շանթ» սրահի մթնոլորտը ոգեւորիչ կենդանութիւն կը բուրէր։ Քրիտափոր Ուսանողական Միութեան Յիսնամեակի Յանձնախումբը կազմակերպած էր «ՀայThink» միջմիութենական հարց պատասխանի մրցոյթը, որուն մասնակցեցան հալէպահայ հետեւեալ միութիւնները՝ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան Ուսանողական Յանձնախումբ, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն (ՀԵԸ), Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի (ԱՔԵՃ) Շրջանաւարտից Միութիւն, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ (ՍՕԽ), Հայ Մարմնակրթական Ընդհ. Միութիւն (ՀՄԸՄ) , Համազգային, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւն (ՍԵՄ) եւ Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւն (ՔՈՄ)։

Մրցոյթին նպատակն էր հայ ուսանողները իրար մօտեցնել՝ անոնց միտքը մարզելու, առողջ մրցակցութիւնը քաջալերելու եւ ընկերային շփումի առիթ ստեղծելու։

Խումբերը բաժնուեցան բոլոր մասնակիցներու անուններուն վիճակարկութեամբ, այսպիսով ստեղծուեցաւ համախմբուած, միախառն խմբակային գործակցութիւն։

Բեմավարներ Ռաքել Շահինեան եւ Քրիստ Մաճարեան ջերմօրէն ողջունեցին ներկաները, բացատրեցին մրցոյթին նպատակը ու բոլորին յաջողութիւն մաղթեցին։

Մրցոյթը ընդգրկեց բազմազան նիւթեր՝ պատմական, քաղաքական, աշխարհագրական, մշակութային եւ մարզական՝ հայկական եւ համաշխարհային բնոյթ ունեցող հարցումներով։

Դադարին ներկայացուեցան խումբերու պատրաստած տեսերիզները, որոնց մէջ ներկայացուած էին խումբերը, անոնց կարծիքն ու տրամադրութիւնը մրցումին առնչութեամբ՝ գրաւիչ եւ երգիծական ոճով:

Յաղթական հանդիսացան Գ. Խումբի անդամները՝ Աբրահամ Աւընեան (ԱՔԵՃ), Ճորճ Օհագեան (ՀԵԸ), Մարինա Ասատուրեան (ՍՕԽ) եւ Նաթալի Պապայեան (ՀՄԸՄ)։

«ՀայThink»-ը պարզ մրցոյթ մը չէր. ան եղաւ հարթակ՝ ուր գիտելիքը եղաւ կամուրջ, իսկ գործակցութիւնը՝ նպատակ։

Մասնակիցները հարստացան ոչ միայն իրենց փորձառութեամբ, այլեւ փոխյարաբերութիւններով, որոնք պիտի շարունակուին մրցոյթէն անդին։

Կիթառ Աւընեան