Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ Կիրակի, 22 Յունիս 2025-ին, Դամասկոսի Տուէյլըա շրջակի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 25-ի, իսկ վիրաւորներունը` 63-ի։