Դամասկսի Տուէյլըա շրջանի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումէն ետք, Սուրիոյ ներքին գործոց, արտաքին գործոց, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի, բնակարանային հարցերու, երիտասարդութեան եւ մարզանքի, տեղական ինքնակառավարման, կենսորլորտի, զբօսաշրջութեան, սեղեկատուութեան եւ արտակարգ դրոյթներու Նախարարութիւնները խստիւ դատապարտեցին սոյն անմարկդային արարքը, ցաւակցելով զոհերու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Անոնք իրենց հաղորդագրութիւններուն մէջ շեշտեցին ազգային միասնութեան եւ քաղաքային խաղաղութեան անհրաժեշտութիւնը, հաստատելով, որ սուրիական պետութիւնը ջանք չի խնայեր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու եւ սուրիական միջավայրը որեւէ յարձակումէ զեդծ պահելու համար:

Իր կարգին, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Նուր ատ-Տին ալ-Պապա ըսաւ. «Այս առաջին անգամը չէ, որ ՏԱՀԵՇ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը ժողովուրդը ենթակայ կը դարձնէ իր ոճիրներուն։ Նախապէս, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը ձախողութեան մատնեց «Զէյնապ» սրբավայրին եւ Մաալուլայի եկեղեցւոյ մէջ ծրագրուած պայթումի փորձերը»:

Ան շեշտեց, որ Նախարարութիւնը պատկան կողմերու հետ աշխատանք կը տանի տեղի ունեցած պայթումին մանրամասնութիւնները յայտնաբերելու, ինչպէս նաեւ ճշդելու պայթումը իրագործած մահապարտ ահաբեկիչին ինքնութիւնը: