ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ ապօրինի ձերբակալութիւններ եւ խուզարկութիւններ իրականացուած են ՀՅԴ մարզային կառոյցներու պատասխանատու ընկերներու նկատմամբ:
«ՀՅԴ-ի անդամներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներու այս նոր փուլը սկսած է Փաշինեանի Թուրքիա կատարած այցելութեան զուգահեռ: Անկախ զարգացումներէն եւ բռնաճնշումներու ծաւալներէն կը փաստենք. որեւէ բռնաճնշում չի կրնար մեզ լռեցնել, այսպիսի գործելաոճը, ի վերջոյ, պիտի ծնի համարժէք հակազդեցութիւն», նշուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի ուշ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Երկիր»-ին մանրամասնութիւններ ներկայացուց կատարուած ապօրինի բռնաճնշումներէն: Ան ըսաւ. «Այս պահուն յայտնի է, որ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ` Տաւուշ, Կոտայք, նոր պարզուեցաւ նաեւ Լոռի, մեր մարզային պատասխանատուները բերման կ`՛ենթարկեն, ձերբակալութեան կը տանին, կը կանչեն քննչական ինչ-որ քննութեան, ներառեալ` «Սրբազան պայքար»-ի աշխուժ մասնակիցները: Սա կը խօսի իշխանութեան վախի մասին, բնականաբար, այս ամէնը պէտք է դիտել Թուրքիոյ պահանջները կատարելու պարունակին մէջ, բայց այս պահուն կրնամ ըսել, որ եթէ ոեւէ մէկուն միտքէն անցնի, որ այս ճանապարհով կրնայ մեզ ետ պահել` հայրենիքի համար մեր պայքարէն կամ յոյս ունի, որ ասով կրնայ որեւէ ձեւով ազդել մեր գործողութիւններուն վրայ, չարաչար կը սխալի: Այս հալածանքը մեր նկատմամբ նոր չէ, ո՛չ առաջինն է, ո՛չ ալ վերջինը, մենք որեւէ դիպաշարի պատրաստ ենք», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեանը: