«ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը խորապէս հիասթափուած է Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան նախարարական վերջին համաժողովին ընդունուած «Իսթանպուլի հռչակագիրին» եւ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումներուն առնչութեամբ։ Տուեալ փաստաթուղթերուն մէջ արտայայտուած շեշտադրումները կը հակասեն տարածաշրջանի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման շահերուն ու տրամաբանութեան։
ԻՀԿ անդամ պետութիւններուն ուշադրութեան կը հրաւիրենք այն փաստը, որ «Արևմտեան Ատրպէյճան» խօսոյթը մարդու իրաւունքներու քողին տակ Ատրպէյճանի կողմէ յստակ տարածքային պահանջ է ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ, որ կը փաստուի այդ նպատակով արհեստականօրէն ձևաւորուած «կազմակերպութեան» հիմնադիր փաստաթուղթերուն մէջ։ Օգտակար կը համարենք յիշեցնել, որ արեւմտեան Ատրպէյճանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններն են՝ Ղազախը, Թովուզը, Աղստաֆան, Գետապեյը, Տաշքեսանը, Քելբաջարը, Լաչինը, Քուպաթլուն, Զանգելանն ու Նախիջեւանը: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»։
Ինչ կը վերաբերի Խորհրդային Հայաստանի մէջ բնակող ատրպէյճանցիներուն, ապա անոնք ԽՍՀՄ գոյութեան վերջին տարիներուն Հայաստանէն հեռացած են կամաւոր, կրցած են վաճառել կամ փոխանակել իրենց գոյքը կամ ստացած են փոխհատուցում Հայաստանի կառավարութենէն։ Ցաւօք, նոյնը չէ եղած հայերու ճակատագիրը Ատրպէյճանի մէջ՝ Պաքուի, Սումկայիթի եւ այլ վայրերու մէջ, ուր տեղի ունեցած են հայերու կոտորածներ եւ բռնի տեղահանում, իսկ նոյնօրինակ վերջին դրսեւորման մեր տարածաշրջանի մէջ աշխարհը ականատես եղաւ 2023-ի աշնան, երբ աւելի քան 115.000 հայեր ստիպուած եղան լքել Լեռնային Ղարաբաղը՝ ենթարկուելով ցեղային զտման։
ԻՀԿ կողմէն նմանօրինակ վարքագիծի անուղղակի խրախուսումը տրամանաբանական խզում կը յառաջացնէ վերջին երկու տարիներու ընթացքին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ ճգնաժամի նկատմամբ ԻՀԿ դիրքորոշումին հետ:
Զարմանք է առաջացնում նաև Խոջալուի դէպքերի թիւր մեկնաբանութիւնը: Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու իրական պատմութիւնը քաջ յայտնի է և ուղղակիօրէն ժխտում է Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած ցանկացած մեղադրանք»։