Սուրիոյ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նախարար Ապտուլ Սալամ Հայքալ Պահրէնի դեսպան Ուահիտ Մուպարաք Սայարին հետ խորհրդակցեցաւ երկու երկիրներու գործակցութեան ամրապնդման եւ փորձառութիւններու փոխանակման միջոցներուն շուրջ:
Նախարարը յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան եւ գիտարուեստի ոլորտները անմիջական կապ ունին կեանքի որակին հետ, հետեւաբար անհրաժեշտ է անոնց զարգացումը՝ ծառայելու քաղաքացիներու կարիքներուն:
Ան աւելցուց, որ այս առիթով կարեւոր է օգտնուիլ այլ երկիրներու փորձառութիւններէն, անդրադառնալով Պահրէյնի փորձառութեան եւ յառաջդիմութեան՝ հեռաձայնային հաղորդակցութեան, գիտարուեստի եւ ելեկտրոնական սարքաւորումներու մէջ:
Իր կարգին դեսպան Ուահիտ Մուպարաք Սայդար իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց թուայնացման, հեռաձայնային հաղորդակցութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցելու Սուրիոյ հետ: Դեսպանը անդրադարձաւ ելեկտրոնային կառավարման մէջ Պահրէյնի փորձառութեան, որ ներդրումային դրամատուներու եւ ֆինանսական կողմերու համար տարածաշրջանային կեդրոն դարձաւ: