ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մարկո Ռունիո 180 օրով զանց առաւ Սուրիոյ դէմ սահմանուած «Կեսար»-ի օրէնքին վերաբերող պատժամիջոցները՝ երաշխաւորելու, որ անոնք խոչընդոտ չհանդիսանան ներդրումներուն, վերականգնումի աշխատանքներուն եւ յառաջ մղեն յատկապէս ելեկտրականութեան, կենսուժի, ջրային պաշարներու ոլորտներուն առնչուող ներդրումները եւ նպաստելու Սուրիոյ ժողովուրդի մարդկային կարիքներուն:
«Այսօրուան գործողութիւնները առաջին քայլերն են նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Սուրիոյ և Միացեալ Նահանգներու միջև նոր յարաբերութիւնների վերաբերող տեսլականի իրականացման», ըսուեցաւ Ռուպիոյի յայտարարութեան մէջ, որ տեղադրուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կայքին վրայ եւ ուր կ՚ըսուի նաեւ թէ. «Նախագահ Թրամփ Սուրիոյ կառավարութեան հնարաւորութիւն կու տայ յառաջ մղելու խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը ինչպէս Սուրիոյ մէջ, այնպէս ալ դրացիներուն հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ»:
Երէկ աւելի կանուխ, ԱՄՆ Ելեւմուտքի Նախարարութեան օտար ապրանքի վերահսկման գրասենեակը ընդհանուր վաւերացում տուած էր Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներու անյապաղ չեղարկման համար՝ համաձայն նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ երկրի դէմ բոլոր պատժամիջոցները դադրեցնելու մասին յայտարարութեան: Վաւեդագիրը թոյլ կու տայ պատժամիջոցներու կանոնակարգերով արգիլուած գործարքները իրականացնել՝ փաստացիօրէն չեղարկելով Սուրիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները: