Ա. Հատոր

Հայ գիրքը դպրոց է իւրաքանչիւր հայու համար, որովհետեւ զայն կարդալով մենք կը բացուինք մեր պատմութեան, իրագործումներուն եւ մեր հոգեմտաւոր աշխարհին։ Առանց անոր մութ ու անորոշ է մեր ապագան, որովհետեւ ան սրբազան գանձ ու յաւերժահոս աղբիւր է հոգեմտաւոր սնունդի.  այս պատճառով անհրաժեշտ է այս աղբիւրը պահել յորդահոս։ Ներկայ աշխարհի արհեստական բանականութիւնը չի կրնար մարդկութիւնը իր արժէքներէն հեռացնել։ Թուայնացման բոլոր միջոցները չեն կրնար ամբողջ տեղը գրաւել գիրքին, յատկապէս թարգմանուած գիրքին, որ կը կամրջէ ազգեր ու մշակոյթներ։ Թարգմանիչները դեսպաններ են մշակոյթներու, կը փորձեն զուգահեռ եզրեր գտնել տարբեր ազգերու մտածողութեան եւ հոգեւոր աշխարհին միջեւ։
Նախորդ օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.  Տէր Մակար Արք.  Աշգարեանի հրամանաւ եւ հայացումով լոյսին եկաւ «Աստուածաբանական Եւ Վարդապետական Նիւթեր» խորագիրը կրող երկհատոր հրատարակութիւնը, տպուած՝ Հալէպի «Ոսկետառ» տպարան-հրատարակչատան  մէջ։ Ա. հատորը հրատարակուած է ազնիւ մեկենասութեամբ տիար Արա Մահսերէճեանի, ի յիշատակ իր հանգուցեալ հօր եւ մօր՝ Մանուէլ եւ Այտա Մահսերէճեաններու։ Սրբազան հօր ներածականէն կ’իմանանք, որ գիրքի վերանայումը, յղումներն ու սրբագրութիւնները կատարած է սրբազան հօր աւագ միաբանակից եղբայրներէն Գերշ. Տ.  Վարուժան Արք. Հերկելեան։
Զոյգ հատորները կը ներառեն 34 յօդուածներ տարբեր հեղինակներու գործերէ, թարգմանուած արաբերէնէ ու անգլերէնէ։ Ա. հատորը կը պարունակէ՝ 9 յօդուած, իսկ Բ.  հատորը՝  25։ Իւրաքանչիւր յօդուած ունի իր ենթավերնագրերը։
Անդրադարձ կատարելով Ա.  հատորին, շեշտենք, որ սրբազան հայրը զայն ձօնած է սփիւռքահայութեան սիրտը հանդիսացող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի 95-ամեակին։ Դպրեվանք, որ ինն տասնամեակներ շարունակ անդադրում կերպով հայոց եկեղեցւոյ, ազգին ու ժողովուրդին ծնաւ հսկայ միտքեր ու մտածողներ։
Հատորը կը սկսի Մակար Սրբազանի «Երկու Խօսք»-ով, ուր սրբազան հայրը կը յայտնէ, թէ
«Որքան մարդկային միտքը ճարտարարուեստի մարզին մէջ հսկայական քայլեր կը նետէ եւ գագաթներ նուաճելով՝ գրեթէ օրը օրին իր անձին դէմ կը մրցի, այնքան աւելի դժբախտաբար՝ կարծէք անոր հոգեբարոյական եւ ընկերային կեանքը նահանջ կ’արձանագրէ եւ ճշմարտութեան աղբիւրէն հեռանալով՝ կը նուազի, կը դատարկուի, կը ցամքի եւ ենթակայ կը դառնայ զանազան տեսակի ոչ ուղղափառ ուսուցումներու, մոլորեցուցիչ գաղափարներու եւ այլանդակ, քանդիչ ու կորուսիչ մտածումներու եւ բացատրութիւններու։ Այս իրավիճակէն բնականաբար անմասն չեն մնար հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, որոնք ներկայ ժամանակի պարտադրած պայմաններուն պահանջքին դիմաց՝ կամայ-ակամայ իրենց առօրեային մեծ բաժինը կը յատկացնեն կեանքի հեւքոտ անիւին հետ քայլ պահելու սրընթաց վազքին, ուր շատ յաճախ առերեւոյթ կարեւոր թուացող բաներ հետապնդելով՝ ակամայ կ’անտեսեն եւ կ’արհամարհեն այն՝ ինչ որ էական է եւ անհրաժեշտ իրենց Հոգեբարոյական առողջ կեանքի աճման ու զարգացման»:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը անդրադառնալով առաջին հատորին մէջ լոյս տեսած նիւթերու կարեւորութեան, յատկապէս երիտասարդութեան համար, կը գրէ.
 «Թեմաները թէեւ իրարմէ կը տարբերին ըստ բովանդակութեան, սակայն ըստ էութեան նոյն նպատակը կը հետապնդեն՝ Աստուածաշնչական անխարդախ եւ անփոփոխ ճշմարտութեամբ լուսաւորել, լուսաբանել, գօտեպնդել եւ սնուցել ընթերցողը, որպէսզի ապահով եւ անսայթաք քալէ կեանքի ճանապարհէն եւ խաղաղ հոգեկանով շարունակէ իր կեանքը»։
Յաջորդաբար կը սկսի յօդուածներու շարքը։
Գիրքի երրորդ՝ «Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստին Եւ Այդ Գալուստը Կանխող Նշաններուն Եւ Նախադէպերուն Մասին» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
«Քրիստոսի երկրորդ գալուստին արդար մարդոց մեռած մարմինները անեղծ եւ փառաւորեալ վիճակի մէջ պիտի յափշտակուին։ Իսկ անոնք, որոնք այն ատեն դեռ ողջ մնացած են, անոնք ալ պիտի նորոգուին եւ ամպերու վրայ երկինք բարձրանալով՝ Տէրը պիտի դիմաւորեն։ Մինչ մեղաւորներն ու ամբարիշտները պիտի զրկուին այդ պատիւէն ու վայելքէն։
Այստեղ նկատառելի երեւոյթը այն է, որ երբ Քրիստոս նստի դատաւորի աթոռին, ան մարդիկը պիտի դատէ նախ իրենց սիրոյ եւ ողորմութեան գործերուն համաձայն, որոնք կիրառեցին եւ ի գործ դրին իրենց երկրաւոր կեանքին մէջ։
Նոյնիսկ եթէ մարդիկ ապահով զգան, այն իմաստով՝ որ իրենք մկրտուած են, ապաշխարած են, կը խոստովանին իրենց մեղքերը եւ պահեցողութիւն կամ ծոմապահութիւն կը կատարեն, եկեղեցի կ’երթան եւ կը հաղորդուին, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական արարողութիւններուն իրենց գործնական մասնակցութիւնը կը բերեն, սակայն ահաւոր իրականութիւնը այն է, որ այդ բոլոր արարքները պիտի չկրնան անձը հեռու պահել Տիրոջ ա՛յն հարցումէն, որ կը  կը վերաբերի սիրոյ պատուիրանին.  «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»»։
Ապա հեղինակը կը պարզէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը կանխող հետեւեալ նշանները.
1- Աւետարանի տարածումը ամբողջ աշխարհին մէջ։
2- Հրեաներուն դարձի գալն ու հաւատալը։
3- Հոգեւոր վերածնունդը։
4- Գազանին երեւումը։
5- Ընդհանուր ապստամբութիւնը։
6- Երկրի վրայ Եղիայի եւ Ենովքի թշնամութիւնը։
7- Մեծ նեղութիւնը։
Ա.  հատորի յօդուածներուն մէջ պարզ ու մատչելի ոճով կը բացատրուի Ս. Երրորդութեան Վարդապետութիւնը եւ եկեղեցական հայրերու մտածողութեան մէջ մարդու փրկութեան համար Քրիստոսի մարդեղացման իրողութիւնը։
Այլ տեղ մը՝ «Յիսուս Քրիստոսի Անուններն ու Տիտղոսները Համաձայն Եկեղեցւոյ Աւանդութեան» յօդուածին մէջ, կը ներկայացուին Յիսուս Քրիստոսի զանազան անունները, հետեւեալ ձեւով. «Ըստ Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացիի.  Քրիստոսի համար կ’ըսուի «Որդի»-ն, որովհետեւ Քրիստոս Հօրը էութենէն է եւ Հօրմէն կու գայ։ Քրիստոսի համար կ’ըսուի նաեւ «Միածին»-ը, ոչ անոր համար, որ միակն է որ Միակէն եկաւ, այլ որովհետեւ ատիկա կատարուեցաւ այնպիսի կերպով, որուն նմանը չկայ.  երեւոյթ մը, որ ամբողջութեամբ կը տարբերի անկէ, որ յատուկ է մեր մարդկային բնութեան՝ մարմինին։
««Իմաստութիւն»-ը, որովհետեւ Ան գիտէ աստուածային եւ մարդկային բոլոր երեւոյթները։ Ուստի Ան որ ամէն ինչ ստեղծեց, կրնա՞յ չգիտնալ ճշմարտութիւնը իր ստեղծագործութիւններուն։
««Պատկեր»-ը, որովհետեւ Քրիստոս սուրբ Աստուծոյ անարատ կնիքն ու պատկերն է։
««Արդար»-ը, քանի որ իրաւունքով կը հատուցանէ, որովհետեւ արդարութեամբ կը դատէ բոլորը։
««Ոչխար»-ն է, որովհետեւ զոհուեցաւ։ Ան «Գառնուկն» է, որովհետեւ կատարեալ է։ Ան «Քահանայապետ»-ն է, որովհետեւ զոհը կը մատուցանէ»։
Նաեւ «Ճշմարտութիւն», «Լոյս», «Կեանք», «Սրբութիւն», «Յարութիւն», «Մեսիան», «Ճամբան», «Դուռն», «Հովիւն» անուններ կը տրուին Քրիստոսի՝ իւրաքանչիւրը իր մանրամասն բացատրութեամբ։
Ապա յօդուածագիրը կը յայտնէ, թէ ««Էմմանուէլ»-ն ու «Քրիստոս»-ը միայն Որդիին կը պատկանին։ Անիկա Քրիստոսն է, որովհետեւ մարդոց նման օծուեցաւ եւ մարդկային հոգին ստացաւ, քանի որ ինքն է Անդրանիկը նոր մարդկային ցեղին։ Ան Էմմանուէլն է, որովհետեւ մեզի հետ եղաւ»։
336 էջերու վրայ տարածուող հատորին վերջաւորութեան կը ներկայացուին աղբիւրագիտական ցանկն ու բովանդակութիւնը։
Գիրքը արժէքաւոր հատոր մըն է յատկապէս երիտասարդութեան համար, որ կը լուսաբանէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակները, որպէսզի անոնք գիտակցութեամբ եւ ամրակուռ հաւատքով կառչին քրիստոնէական հաւատքին, Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, արժեւորելու ժամանակաւոր իրենց կեանքը, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները եւ դարու մարտահրաւէրները եւ ապրելով քրիստոնէավայել կեանք մը։
Հայացուց՝ Մակար Արք.  Աշգարեան
Կը ներկայացնէ՝ Աննա Սաղպազարեան