Յուզմունքով եւ ուրախութեամբ կարդացի պրն. Լեւոն Շառոյեանի յօդուածը «Երբ թաղերը դիմագիծ կը փոխեն» խորագրով, «Գանձասար»-ի մէջ հրատարակուած։ Մանկական քաղցրաբոյր յուշերուս կծիկը քակուեցաւ եւ յետ գացի տասնեակ տարիներ առաջ, երբ տակաւին փոքր աղջնակ էի, ծնած ու մեծցած Նէյյէլ թաղամասին մէջ։
Մեր բնակարանը կը գտնուէր հրշէջներու շէնքին ճիշդ կռնակը, խոշոր բակով, մեծ ու բուրումնաւէտ ծաղիկներով լեցուն պարտէզով, ուր թաղի բոլոր երեխաները կը հաւաքուէին խաղալու եւ զուարճանալու։
Հայրս՝ Յարութիւն Թամզարեանը, հրշէջ ջոկատի պետ էր։ Ան 47 երկար տարիներ անսպառ կորովով, առանց որեւէ խտրութեան, սիրայօժար ծառայած էր հայկական եւ այլ ազգի հաստատութիւններու:
Հայրս խիզախ էր ու քաջ, բարձրահասակ, նուիրումով վարած էր պաշտօնը առանց չարաշահութեան: Երբ հրդեհի ահազանգը հնչէր, մինչեւ 1-2-3 համրելը, կարմիր ինքնաշարժները կազմ ու պատրաստ պէտք էր սուրային վտանգի վայր, այլապէս երկինք երկիր իրար կ’անցընէր:
Հայրս երբեմն ուշ գիշերին բնակարան մուտք կը գործէր սեւցած, մռոտած, աղտոտած, բայց եւ այնպէս՝ միշտ յաղթական:
Հօրս մահուընէ 29 տարիներ անցած են արդէն եւ տակաւին մեծահասակ մարդիկ կը գովաբանեն զինք եւ բարձր գնահատանքով կը յիշեն հայորդիի այս խիզախ զաւակը:
Յարգանքով ծունկի կու գամ շիրիմիդ առջեւ, թանկագի՛ն հայր, որովհետեւ պատիւը ունիմ կոչուելու Յարութիւն Թամզարեանի դուստրը:
Սալբի Թամզարեան-Մանուկեան