Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Երկուշաբթի օր Ֆըթըր տօնին առիթով ժողովրդային պալատի պարտէզ հրաւիրեց նահատակներու զաւակները, որպէսզի խաղերով տօնեն զատիկը եւ ուրախ պահեր ապրին։
Նախագահն ու իր տիկինը շրջելով պալատի պարտէզին մէջ շնորհաւորեցին փոքրերը եւ անոնց մաղթեցին բարեբեր օրեր։ Ապա պալատէն ներս մտերմիկ զրոյց ունեցան փոքրերուն հետ։