Շաբաթ, 29 Մարտ 2025-ին, Դամասկոսի Ժողովրդական պալատէն ներս, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա յայտարարեց Սուրիոյ անցումային նոր կառավարութեան կազմութիւնը, զայն անուանելով «փոփոխութեան եւ կառուցման» կառավարութիւն:
Այս առիթով, նախագահ Շարաա իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ սուրիական անցումային նոր կառավարութիւնը պիտի ձգտի իրականացնել՝ պետական հաստատութիւններու վերականգնումը, արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու պահպանման խթանումը եւ ընդհ. իրաւունքներու ամրագրումը, տնտեսական եւ ընկերային հարցերու լուծումը եւ նոր հորիզոններ թափանցումը ուսումնակրթական եւ առողջապահական համակարգերուն մէջ՝ առաջնահերթութիւն տալով փտածութեան դէմ պայքարին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սուրիոյ անցումային կառավարութեան կազմը.
-Արտաքին գործոց նախարար՝ Ասաատ աշ-Շայպանի
-Պաշտպանութեան նախարար՝ Մուրհաֆ Քասրա
-Ներքին գործոց նախարար՝ Անաս Խաթթապ
-Արդարութեան նախարար՝ Մուզհար ալ-Ուէյս
-Կրօնական կալուածներու նախարար՝ Մուհամմէտ ապուլ խէյր Շուքրի
-Բարձրագոյն կրթութեան նախարար՝ Մարուան ալ-Հալապի
-Աշխատանքի եւ ընկերային ծառայութեան նախարար՝ Հընտ Քապաուաթ
-Կենսուժի նախարար՝ Մուհամմէտ ալ-Պաշիր
-Ելեւմուտքի նախարար՝ Մուհամմէտ Եըսըր Պարնիէ
-Տնտեսութեան նախարար՝ Նիտալ աշ-Շաաըար
-Առողջապահութեան նախարար՝ Մուսապ Նազալ ալ-Ալի
-Տեղական ինքնակառավարման նախարար՝ Մուհամմէտ Անճարանի
-Արտակարգ իրավիճակի եւ աղէտներու նախարար՝ Ռաըէտ ալ-Սալէհ
-Հաղորդակցութեան նախարար՝ Ապտըլ Սալամ Հայքալ
-Գիւղատնտեսութեան նախարար՝ Ամճատ Պատըր
-Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար՝ Մուհամմէտ ապտըլ Ռահման Թարքօ
-Բնակեցման եւ ընդհանուր աշխատանքներու նախարար՝ Մուսթաֆա ապտըլ Ռազզաք
-Մշակոյթի նախարար՝ Մուհամմէտ Սալէհ
-Մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար՝ Մուհամմէտ Սամէհ Համէտ
-Զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մազէն Սալհանի
-Վարչական բարգաւաճման նախարար՝ Մուհամմէտ Իսքաֆ
-Փոխադրութեան նախարար՝ Եաարոպ Պատըր
-Տեղեկատուութեան նախարար՝ Համզա Մուսթաֆա: