Ճապլէ շրջանի վարչական տնօրէնը եւ ապահովական իրավիճակի պատասխանատուն այցելեցին Հմէյմիմի ռազմակայանը՝ ստուգելու այնտեղ ապաստանած քաղաքացիներուն վիճակը։ Անոնք քաղաքացիներուն հաւաստիացուցին, որ իրենց գիւղերու ապահովական վիճակը կայուն է ներկայիս, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին կառավարութեան որդեգրած քայլերը՝ շրջանի ապահովական իրավիճակը վերականգնելու եը քաղաքացիներուն կարիքները ապահովելու համար։