Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան սպաներու հարցերու նախագահ զօր. Մուհամմետ Մանսուր հաստատեց, որ սուրիական բանակը միշտ պիտի մնայ երկրի գերիշխանութեան հիմքը։ Ան անհրաժեշտ համարեց ռազմական փորձառութիւն ունեցող եւ նախկին համակարգէն դասալիք եղած զինուորները ներառել սուրիական բանակին մէջ` բազմապատկելու բանակի կարողութիւնը, որովհետեւ անոնք պիտի կազմեն սուրիական բանակին հիմքը։

Մանսուր յայտնեց, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի այս ուղղութեամբ, աւելցնելով, որ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը իւրաքանչիւրին գործի պիտի մղէ ըստ իր փորձառութեան։