Սուրիական անցումային կառավարութեան կրթութեան նախարար Նազիր ալ-Քատիրի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նարարարութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպում մը ունեցաւ՝ խորհրդակցելու համար Սուրիոյ ազատագրումէն ետք ուսումնական իրավիճակին շուրջ։
Նախարարութեան յարկէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին կողմերը խորհրդակցեցան դպրոցներէն ներս ուսումնական ընթացքին եւ ուսուցչական կազմին իրավիճակին շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկեցին նախկին իշխանութեան կողմէ ռմբակոծուած դպրոցներու վերականգնումին ծրագրերը։