Ամանորի և Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն սեմին կանքնած Լաթաքիոյ Քրիստոնեայ համայնքները, տարիներու սովորութեան համաձայն կը կատարեն իրենց միջոցարումները կապուած զոյգ մեծ տօներուն առթիւ։ Այսօր Հինգշաբթի 19, Դեկտեմբեր 2024-ին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ և ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Համայնքի Առաջնորդ Մար Պթրոս Քասիսի յատուկ հրաւէրով մասնակցեցաւ սոյն վաճառքի բացումին։