Բ. Խնամատարական Ոլորտ
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան խնամատարական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Լենա Միսաքեան անդրադառնալով այս ոլորտի ծառայութեան յայտնեց, որ
Սուրիոյ պատերազմի սկզբնաւորութեան, 2012-ին, երբ երկրին պայմանները դարձած էին անկայուն եւ սղաճը տիրողական էր կենցաղային բոլոր բնագաւառներուն մէջ, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան աջակցութեամբ ընթացք առաւ «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը, որուն հիմնական նպատակն էր տաք ճաշ մատուցել հայ ծերունիներուն:
«Ծրագիրը մինչեւ օրս կը շարունակուի շաբաթական երեք օրուան հերթականութեամբ, միութեան «Փեթակ» խոհանոցի պատրաստութեամբ։ Աշխատանքը անմիջականօրէն կը հետապնդուի եւ կը կարգաւորուի խնամատարական յանձնախումբի անդամներուն կողմէ:
Վերջին տարիներուն պսակաձեւ ժահրի համաճարակը, անոր յաջորդող Հալէպի աղէտալի երկրաշարժը եւ անոնց զուգահեռ երկրին մէջ տիրող տնտեսական դժուար իրավիճակը նկատի ունենալով, բարեսիրական այս աշխատանքը շարունակուեցաւ:
29 Նոյեմբերին, Հալէպը ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք, երբ քաղաքին մէջ քանի մը օր զգուշաւոր հանդարտութիւն տիրեց, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութիւնը արտակարգ նիստով հրատապ որոշում գոյացուց՝ ամէն գնով շարունակելու «պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը։ Տիրող պայմաններուն բերումով միայն մէկ օր ընդհատում արձանագրուեցաւ, որմէ ետք խնամատարական յանձնախումբի անդամները բնականոն աշխատանքի լծուեցան, ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ ընկերուհիին անմիջական գործակցութեամբ», աւելցուց Միսաքեան:
Սիրան Արապանեան