Ա. Առողջապահական ոլորտ

Անցնող 2 շաբաթուան ընթացքին անորոշ եւ ծանր պայմաններու մէջ ապրող հալէպահայութեան կարիքներու գէթ մէկ մասը հոգալու համար, ՍՕխ-ի դարմանատունն ու խնամատարական յանձնախումբը ծառայողական իրենց աշխատանք շարունակեցին:
Արդարեւ, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին զրուցելով ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի դարմանատան տնօրէնուհի Անի Գալտնեանի հետ իմացանք, որ դարմանատունը Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբերին արդէն բացած էր իր դռները նկատի առնելով, որ քաղաքի դեղարանները եւ բժշկական կեդրոնները փակ էին տակաւին եւ մեծ թիւով մարդիկ պէտք ունէին թէ դեղորայքի, թէ բժիշկներու: Դարմանատունը այս ժամանակաշրջանին իր բոլոր բաժիններով աշխատանք տարաւ, աւելի կրճատուած ժամերով, նկատի առնելով քաղաքիս կանուխ եւ ուշ ժամերուն ամայանալը:
Գալտնեան ըսաւ.«Բարեբախտաբար մօտ մէկ ամիս առաջ Սրբազան Հայրը արտերկրէն դեղորայք ապահոված էր դարմանատան, որուն մեծ մասը այս նեղ օրերուն բաժնեցինք ժողովուրդին: Տարբեր մասնագիտութիւններու տէր մեր բժիշկները համարեա՛ ամէն օր ներկայ էին: Ունեցանք նաեւ մասնագիտացման փուլի մէջ եղող նոր բժիշկներ, որոնք ծառայեցին հայ եւ արաբ մեծաթիւ դիմողներու: Հարկ է նշել նաեւ, որ տարրալուծարանի եւ մարցումի բաժինները նոյնպէս աշխատանք տարին»:

Դարմանատունը կը ծրագրէ յառաջիկայ շաբթուընէ նախկին սովորական ժամերով շարունակել աշխատանքի իր ընթացքը՝ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 16:00։

Անի Պօղիկեան