Ռիատի մէջ գումարուած արաբական-իսլամական գագաթնաժողովի աւարտին մասնակիցները հանդէս եկան եզրափակիչ հաղորդագրութեամբ, որ ընդգրկեց հետեւեալ բանաձեւերը.
-Մասնակիցները խստիւ կը դատապարտեն Կազզայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, կոչ ուղղելով ՄԱԿ-ի Միջազգային Խորհուրդին Կազզայի մէջ զինադադար յայտարարելու, այնտեղ մարդասիրական օգնութիւններ առաքելու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Միութեան Իսրայէլի անդամակցութիւնը կասեցնելու:
-Մասնակիցները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Պաղեստինի ժողովուրդին, յատկապէս իր օրինական իրաւունքները վերականգնելու, մասնաւորաբար տիրանալու ազատ եւ անկախ պետութիւն հիմնելու իրաւունքին:
-Մասնակիցները կը շեշտեն, որ արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի անփոխարինելի մայրաքաղաքն է: Անոնք կը մերժեն Իսրայէլի կողմէ որեւէ որոշում, որ կը նպատակադրէ Երուսաղէմը հրէականացնել կամ այնտեղ արմատաւորել
իսրայէլեան բռնատիրութիւնը:
– Անոնք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Լիբանանին, շեշտելով իրենց աջակցութիւնը Լիբանանի անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ քաղաքացիներու ապահովութեան: Խստիւ կը դատապարտեն Լիբանանի բանակին եւ քաղաքացիներուն դիտումնաւոր կերպով հասցուած հարուածները: Կը շեշտեն նաեւ ամենամօտ ժամանակամիջոցին Լիբանանի նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը:
-Մասնակիցները կոչ կ’ուղղեն բոլոր պետութիւններուն Իսրայէլին զէնք չվաճառելու եւ այս առնչութեամբ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին միացեալ նամակ մը յղելու:
-Մասնակիցները կը շեշտեն, որ տարածաշրջանի ամբողջական խաղաղութեան կարելի չէ հասնիլ առանց  կասեցնելու Իսրայէլի  կողմէ 1967-էն  ի վեր բռնագրաւումը արաբական հողերու։ Անոնք կը դատապարտեն Իսրայէլի կողմէ Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական եւ իսլամական սրբատեղիներու թիրախաւորումը:
-Մասնակիցները խստիւ կը դատապարտեն սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները, պահանջելով սուրիական գրաւուած Կոլանի ազատագրումը:
-Ժողովականները Արաբական Լիկայի եւ Իսլամական Գործակցութեան Կազմակերպութեան քարտուղարներուն կը յանձնարարեն հետապնդել հաղորդագրութեան բովանդակութեան գործնականացումը։