Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի 22-րդ միջազգային ժողովը հովանաւորող պետութիւնները եզրափակիչ հաղորդագրութեամբ դատապարտեցին սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները, շեշտելով իրենց զօրակցութիւնը Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած ժողովի հովանաւոր պետութիւննհերը խստիւ դատապարտեցին սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան իրարայաջորդ յարձակումները, շեշտելով, որ ան միջազգային ու մարդկային օրէնքին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտում կը համարուի, աւելցնելով, որ նման լարուածութիւններ կը սպառնան տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան:

Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ նաեւ, որ Սուրիոյ քարիւղային հարստութիւններու թալանումը եւ երկրին պարտադրուած տնտեսական պատժամիջոցները վատ ազդեցութիւն կ’ունենան երկրին ու անոր ժողովուրդին վրայ: