11-12 Հոկտեմբեր 2024-ին, Հալէպի մէջ, Նոր Գիւղի «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս մեկնարկուեցաւ  «Կազմակերպչական Հիմքերու Ամրապնդում» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն նախաձեռնողն ու կազմակերպողն էր ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը:
Ճշդուած ժամուն՝ 9:30-ին, սրահը լեցուն էր խաչուհիներով, որոնց միաւորողը ՀՕՄ-ի եւ ՍՕ Խաչի գործունէութիւնն ու կանոնագրային ենթաբաժանումներն էին:
Խորհրդաժողովին մասնակցելու եկած էին ՍՕ Խաչի Գարատուրանի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Տէրիքի, Հասիչէի, Գամիշլիի, Հալէպի եւ ՍՕ Խաչի Շրջ. յանձնախումբերու 131 ընկերուհիներ:
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ Ա. ՕՐ
Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով: Ժողովավար Մարալ Սեմէրճեան ներկայացուց օրակարգը եւ զեկուցաբերները։
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վրչթ. ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան ներկայացուց Շրջ. Վարչութեան խօսքը: Գէորգեան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ յաջողութեան առաջին պայմանները ինքնաքննադատութիւնն ու ինքնասրբագրութիւնն են, հետեւաբար թելադրեց կարեւորութեամբ մօտենալ մեր հիմնահարցերու լուծման, որպէսզի կարենանք դրական արդիւնքի հասնիլ: Ան շեշտեց, որ ՍՕ Խաչի բոլոր բաղկացուցիչները միասնաբար պէտք է գործեն եւ զիրար ամբողջացնեն: Ինչպէս նախորդ Շրջանային վարչութիւններու կազմակերպած խորհրդաժողովները, այս մէկն ալ շեշտը կը դնէ անդամներու, վարչութիւններու եւ Շրջ. Վարչութեան փոխյարաբերութիւններուն վրայ:
Փոխանցելով Շրջ. Վարչութեան ողջոյնները, ան ներկաներուն մաղթեց երկօրեայ Խորհրդաժողովի ընթացքին շինիչ կարծիքներու փոխանակում եւ ժողովական առողջ ու արգասաբեր մթնոլորտ: Ան իր խօսքը աւարտեց թելադրելով ներկաներուն յարգել նոր ժամանակներու մեր մշակները, մեր ուսուցիչները ու հայ գրականութեան ջահակիրները:
Ժողովավար Մարալ Սեմէրճեան այնուհետեւ նկատել տուաւ, որ երկօրեայ խորհրդաժողովը խորհրդանշական բնոյթ ունի, որովհետեւ կը զուգադիպի Թարգմանչաց տօնին:
ՀՕՄ-Ի ՄԻԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԶԵԿՈՅՑ
Յիշեալ օրակարգով խօսք առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեան, որ ներկայացուց ՀՕՄ-ի Միամեայ համադրեալ աշխատանքներու տեղեկագիրը։
Նոր ծրագիրներու ներկայացման ընթացքին, ժողովականները իրազեկ դարձան հայրենիքի եւ սփիւռքի զանազան շրջաններու ծրագիրներուն եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի նիւթական ներդրումներուն եւ յատկապէս արցախահայութեան օժանդակութիւններուն:
Ամպարճեան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ը կը շարունակէ իր ծրագիրները Սուրիոյ մէջ, ինչպէս՝ ՀՕՄ-ի «Պնակ մը Տաք Ճաշ», «Տաքուկ Զգեստներ», «Տաքուկ Բնակարան», կրթական եւ այլն: Հոս անշուշտ կարելի չէ մանրամասն անդրադառնալ ՀՕՄ-ի լայնածիր գործունէութեան, որուն ներդրումները առողջապահական եւ խնամատարական մարզերուն մէջ հսկայ աշխատանք կ’ենթադրեն, իսկ կրթական ճիւղը զարգացնելով, ՀՕՄ-ը կ’օժանդակէ հայ կրթական օճախներուն, զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներուն եւ տակաւին՝ ընկերային ծառայութեան գծով բնակարաններու տրամադրում «Յոյսի Օճախ» ծրագիրով, արցախահայութեան ստեղծուած բարդ կացութեան հետեւանքով:
Ինչ կը վերաբերի 2025-ին ՀՕՄ-ի Ծննդոցի 115-ամեակի տօնակատարութիւններուն, Կեդր. Վարչութիւնը արդէն իսկ ձեռնարկած է կարեւոր աշխատանքներու կազմակերպման:
Ա. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԻՒԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ – ՀԱՇՈՒԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ, ԴԱՍԱԽՕՍ՝ ԶԵՓԻՒՌ ԳԷՈՐԳԵԱՆ 
Գէորգեան յայտնեց, թէ հաշուապահութիւնը միութեան մը ելեւմտական գործառնութիւնները արձանագրելու համակարգն է, որուն պայմանն է, որ ելեւմտական իւրաքանչիւր գործառնութիւն արձանագրուի զոյգ գրանցման դրութեամբ:
Ան կարեւորութեամբ շեշտեց իւրաքանչիւր ստացագիրի նպատակի արձանագրութիւնը, գրաւոր եւ թուային գումարի նշումը, անունը, նպատակը, թուականը, կնիքը եւ ստորագրութիւնը: Մասնաւորեց, թէ հաշուական գործառնութիւնը կ’ամրապնդէ ելքի եւ մուտքի պատկերը: Անհրաժեշտ է, որ որեւէ ելք համապատասխան արձանագրութիւն ունենայ ծախսերու գլխուն տակ եւ որեւէ մուտք արձանագրութիւն՝ եկամուտներու համապատասխան գլխուն տակ:
Յաջորդաբար թուեց անհրաժեշտ օրէնքներու շարք մը, որոնք փոխանցուեցան ժողովականներուն առ ի գործադրութիւն:
Զեկուցաբերը անջատաբար փոխանցեց հաշուապահի եւ գանձապահի պարտականութիւնները, մուտքերու եւ ելքերու գլուխներու թուարկումները, ինչպէս նաեւ հաշուեքննիչ յանձնախումբերու իրաւասութիւնները:
Բ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ.-  SWOT ANALYSIS, ԴԱՍԱԽՕՍ ԱՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Խմբային աշխատանքներու լոյսին տակ հրաւիրուեցաւ Անի Մինասեանը, որուն այժմէական նիւթը պիտի նպաստէր խաչուհիներուն տնտեսական եւ անհատական գործունէութիւններու զարգացման:
Ան շեշտեց, որ ծրագիր մը նախ կարիք ունի որոշումի, մտածումի, ապա վերլուծումի: Անդրադարձաւ տուեալ աշխատանքին ուժեղ եւ թոյլ կէտերուն եւ յայտնեց, թէ հնարաւորութիւններու վերլուծութիւնը կ’օգնէ, որ այդ աշխատանքը ճիշդ ուղիի վրայ դրուի:
SWOT բառին վերլուծութիւնը կատարելով փոխանցեց, թէ կը բաղկանայ չորս հիմնական բաժիններէ.
Strengths-  Ուժեղ կողմեր եւ առաւելութիւններ
Weaknesses- Թոյլ կողմեր կամ թերութիւններ
Opportunities- Հնարաւորութիւններ եւ արտաքին գործօններ
Threats- Սպառնալիքներ, որոնք բացասական ազդեցութիւն ունին
Հետեւաբար ուժեղ եւ թոյլ կողմերը ներքին գործօններ են, որոնք հսկողութեան ենթակայ են, իսկ հնարաւորութիւններն ու սպառնալիքները արտաքին գործօններ են, որոնք դուրս կը մնան հսկողութիւններէ:
Բարեյաջող SWOT վերլուծութիւն իրականացնելու համար անհրաժեշտ է սահմանել յստակ նպատակներ:
Դասախօսին հիմնական կեդրոնացումը կազմակերպչական հիմքերու ամրապնդման վրայ էր, որուն մէջ անհրաժեշտ է խմբային աշխատանքը:
Գ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ՝ ԺՈՂՈՎԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐ, ԴԱՍԱԽՕՍ ՀՌԻՓ ԿԱՆԱՆԵԱՆ
Անդրադառնալով ՍՕ Խաչի ժողովավարական օրէնքներուն զեկուցաբերը յայտնեց, թէ կազմակերպութիւն մը կամ միութիւն մը հաւաքականութիւններ են, որոնք կը հետապնդեն որոշ նպատակ, ինչպէս՝ քաղաքական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական …. եւ այլն:
Այդ նպատակը իրագործելու համար կը մշակուի ռազմավարութիւն մը, որմէ կը բխի յիշեալ կազմակերպութեան գործունէութեան ծրագիրը:
Այդ ծրագրի գործադրութիւնը կը հետապնդեն մարմիններ եւ անդամներ, որոնք կ’ընտրուին ժողովներու կողմէ:
Ժողովներու, մարմիններու եւ անդամներու իրաւասութիւնները, պարտաւորութիւնները  եւ փոխյարաբերութիւնները կը տնօրինուին յատուկ կանոնագրով, որ կը սահմանէ մեր միութեան կանոնները եւ առաջադրուած ծրագիրները, հիմնուած ՍՕ Խաչի կառոյցին վրայ: Ան շեշտեց, թէ մեր կազմակերպութեան կառոյցը արտայայտողը կանոնագրի օրէնքներն են: Կարելի չէ որպէս միութեան անդամ գործին էութիւնը ապրիլ առանց անոր ներքին կառոյցին՝ ժողովներուն եւ ենթակայ մարմիններուն մասին գաղափար ունենալու:
Անդրադառնալով կազմակերպչական հարցերուն, յայտնեց թէ միութենականներու խումբ մը կը կազմէ միութիւնը, որմէ կը բխին մասնաճիւղերը, վարչութիւնները եւ Շրջ. Վարչութիւնը:
Վարչութիւնը համառատու է այն ժողովին, որմէ ծնունդ առած է:
Մասնաճիւղը ներկայացնելու գոյաւորուած ժողովը կ’ընտրէ գործադիր վարչութիւնը, որ պարտի հաւատարիմ ըլլալ զինք ընտրողներուն:
ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութիւն, Շրջ. Վարչութիւն կամ մասնաճիւղերու Վարչութիւններ բոլորն ալ կ’ընտրուին յար եւ նման օրէնքներուվ եւ կը ղեկավարուին նոյն սկզբունքներով, ոճով ու ոգիով:
Ժողովավարական ընթացակարգը կ’ապահովէ ժողովավարական պայմաններու առկայութիւնը, անդամներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ իւրաքանչիւրին իր խօսքը ըսելու կամ իր միտքը արտայայտելու հնարաւորութիւնը:
Ուրեմն անհրաժեշտ է, որ ՍՕ Խաչի անդամները մեր կանոնագրի յօդուածները լաւ ըմբռնեն եւ օգտագործեն ամէն մակարդակի ժողովներու ընթացքին, քանի որ կանոնը տրամաբանական ընթացք մըն է, որ հաւասարութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած է: Հետեւաբար՝ ժողովներու օրէնքով ընթացքը եւ անոնց ճիշդ գործադրութիւնը մեզ կը բարձրացնեն մեր բարոյական առաքելութենէն եւ կամուրջ մը կը հաստատեն անդամին եւ միութեան միջեւ:
Մտքերու արտայայտութեան աւարտին, հրաւիրեց ժողովականները գործնական խաղարկութեամբ մը մասնաճիւղային Ընդհանուր Ժողով մը գումարելու՝ ի խնդիր Կանոնագրի ժողովավարական օրէնքներու իւրացման եւ կենսագործման:
Այցելութիւններ
Հալէպահայ գաղութի հայկական կառոյցներուն մէջ տիրական ներկայութիւն են մեր եկեղեցիները, որոնք դարերէ ի վեր իրենց պատմական կնիքը դրած են:
Հալէպ գաղութը այսօր կ’ընդգրկէ հինգ գլխաւոր եկեղեցիներ.
Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի
Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի
Ս. Գէորգ եկեղեցի
Ս. Յակոբ եկեղեցի։
Համաձայն ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան դասաւորման, յետ Խորհրդաժողովի օրակարգերու լուծման, ժողովականները յաջորդաբար առիթ ունեցան այցելելու Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Գէորգ եւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներ:
Այս ծիրէն ներս առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին, իսկ երկրորդը՝ Ս. Գէորգ եկեղեցիին, ուր Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Աւագ Քահանայ Արապաթլեան զոյգ եկեղեցիներու կամարներուն ներքեւ, ներկայացուց անոնց պատմական անցեալն ու ներկան: Անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնին, տէր հայրը մատնանշեց, որ հայ ազգը կը շարունակէ գոյատեւել շնորհիւ իր մշակոյթին եւ քրիստոնէական կրօնքին, փաստ՝ որ մեր 36 բերդերը (տառերը) մնացին անսասան եւ հայը ապրեցաւ, շինեց ու շէնցուց ուր որ ալ գտնուեցաւ:
 Այնուհետեւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը ձեռագործուած յիշատակի նուէր՝ Խաչկալ մը յանձնեց եկեղեցիներու թաղականութեանց՝ առ ի շնորհակալութիւն:
Զեփիւռ Գէորգեան ժողովականներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց զոյգ եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, տիկնանց յանձնախումբերուն եւ քահանայ հօր, որ պատմական տուեալներու կողքին անդրադարձաւ նաեւ յետ 2023-ի երկրաշարժին եկեղեցիներու քանդումներուն, ապա՝ շինարարական աշխատանքներուն, մասնաւորելով, որ զոյգ եկեղեցիներու վերօծումը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ, Հալէպ այցելութեան ընթացքին:
Երրորդ այցելութիւնը տրուեցաւ 1499-1500 թուականներուն կառուցուած Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցիին, որ սկիզբը ունեցած է ներքնայարկ մը եւ հետագային անոր վրայ բարձրացած Մայր եկեղեցին:
Խաչուհիները ջերմօրէն դիմաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմին Բարեջան Առաջնորդ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, որ նախքան եկեղեցւոյ պատմական տուեալներու ներկայացումը մեծապէս գնահատեց Օգնութեան Խաչի նուիրական եւ ծառայողական աշխատանքը, որ կը միտի հասնիլ անկարին ու տկարին եւ ամոքել բոլորին ցաւերը:
Սրբազան հայրը մասնաւորեց, թէ եկեղեցին ընդարձակուած է բարերարներու կողմէ, ունի երեք խորաններ, որոնք տեղադրուած են եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը: Խորանները վերակառուցուած են 1965 եւ 1985 թուականներուն, իսկ յետ երկրաշարժի աւերներուն, եկեղեցին ամբողջութեամբ վերանորոգուած է:
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ մկրտութեան աւազանին, զանգակատունի աշտարակին եւ ուշագրաւ հնութիւններ ունեցող սրբապատկերներուն, որոնցմէ գլխաւորը վերջին դատաստանի ստեղծագործութիւնն է: Շարունակելով պատմական տուեալներու փոխանցումը, անդրադարձաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի յուշարձան-որմնաքանդակին, կառուցուած՝ 1989-ին, որպէս յիշատակութիւն 1,5 միլիոն նահատակներուն եւ ապա հայ ժողովուրդի վերածնունդին, որուն փաստն է մեր եկեղեցին, որ կը շարունակէ հայուն հաւատքի վկայութեան իր պատմական առաքելութիւնը:
Սրբազան հայրը Թարգմանչաց տօնին առիթով ներկաներուն նուիրեց «Ճանապարհորդութեան Հացը» գիրքը, հեղինակութեամբ՝ Հայր Հէնրի Ճ. Մ. Նուընի, հայացուած Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի կողմէ:
Սրբազան հօր կողքին Տ. Գառնիկ Քահանայ Չափանեան բեղուն գործունէութիւն մաղթեց խաչուհիներուն, մասնաւորելով որ մասնաճիւղերու համագործակցութիւնը կ’օգնէ ընկերական մերձեցման, փոխվստահութեան, համերաշխութեան ոգիի ամրապնդման եւ գործելաոճի նոյնացման:
Եկեղեցւոյ այցելութեան աւարտին, ներկաները Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ հիւրասիրուեցան «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս, ուր ՍՕ Խաչի Դաստիարակչական Յանձնախումբի ընկերուհիները ժողովականներուն բաժնեցին այցելութիւն տրուած երեք եկեղեցիներու պատմական տուեալները ներկայացնող թերթիկը:
Սրահէն ներս առիթ ընծայուեցաւ իւրաքանչիւր մասնաճիւղի վարչութեան, ներկայացնելու իրենց գործունէութեան ամփոփ զեկոյցը, հաւատալով թէ խօսքը առանց գործի մեռեալ է:
Խորհրդաժողովի առաջին օրուան ծրագրին աւարտին, հաճելի մթնոլորտի մէջ, խաչուհիները հիւրընկալուեցան Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Դալար» այգեստանէն ներս:
Հռիփ Կանանեան
(շար. 1)