Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2024-ի
առաւօտուն, Հայաստանի
Հանրապետութեան Հալէպի
նորանշանակ Գլխաւոր Հիւպատոս
Մեծարգոյ Արա Աւետիսեան
պաշտօնական անդրանիկ այցելութիւն
տուաւ Ազգ. Առաջնորդարան, ուր
ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց
Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.
Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի եւ
Ազգային Վարչութեան ատենապետ
տիար Ժիրայր Րէիսեանի կողմէ։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ
Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ
Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող
հանդիպումին, ընդհանուր գիծերու մէջ
արծարծուեցան Միջին Արեւելքը եւ
հայկական իրականութիւնը յուզող
դժուարութիւնները։
Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց
նորանշանակ գլխաւոր հիւպատոսին եւ
համագործակցութեան ոգիով
յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած
առաքելութեան։