Եօթը նահատակ, ներառեալ մանուկներ եւ կիներ, աւելի քան 11 վիրաւոր արձանագրուեցան Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսի Մեզզէ շրջանի հրթիռակոծման արդիւնքով։

Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց. «Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8։15-ին, Իսրայէլ օդային յարձակումով մը սուրիական բռնագրաւուած Կոլանի կողմէն երեք հրթիռ արձակեց՝թիրախ դարձնելով Դամասկոսի Մեզզէ բանուկ շրջանին մէջ բնակչութեամբ լեցուն, միեւնոյն ատեն առեւտրական կեդրոն հանդիսացող շէնք մը»:

Աղբիւրին համաձայն, յարձակումին հետեւանքով սկզբնական տուեալներով 7 նահատակ, ներառեալ մանուկներ եւ կիներ, 11 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան։ Փլատակներուն տակէն վիրաւորներ դուրս բերելու աշխատանքը կը շարունակուի։