Իսրայէլի կողմէ «Ճտէյտէթ Եապուս» միջանցքին հասցնող միջազգային ճամբուն հրթիռակոծումէն ու քանդումէն ետք, Լիբանանէն տեղահանուածները կը շարունակեն հետիոտն Սուրիա ուղղուիլ «Ճտէյտէթ Եապուս» միջանցքէն:
Դամասկոսի արուարձանի գործադիր մարմինի անդամ դոկտ. Ալաա ալ-Շէյխ ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ Լիբանանէն տեղահանուածները հետիոտն մուտք կը գործեն Սուրիա յիշեալ միջանցքէն իսրայէլեան հրթիռակոծումներուն պատճառով միջազգային ճամբու փակման հետեւանքով:
Ալ-Շէյխ յիշեց, որ 24 Սեպտեմբերէն մինչեւ օրս «Ճտէյտէթ Եապուս»-ի միջանցքէն Սուրիա մուտք գործող տեղահանուածներուն թիւը հասաւ 189. 995-ի որոնցմէ 150.465-ը սուրիացի է, իսկ 39.530-ի լիբանանցի: