Հայ սրտի երգիչը
Հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուած եւ վարպետ կոչումը ստացած բանաստեղծը գտած էր դէպի ժողովուրդ գացող ամենաշիտակ ճամբան: Ան ծնած էր Շիրակի դալարագեղ դաշտավայրի Ղազարապատ գիւղը, խորապէս ճանչցած էր ժողովուրդի հոգին, ապրած էր անոր ցաւերը, առ այդ ժողովրդական նիւթերը, ժողովուրդի սրտի կանչերը ան ներկայացուցած էր Շիրակի սքանչելի բարբառի հարուստ տարրերով եւ այսպիսով դարձած էր ժողովուրդին սիրելին, որ անոր բանաստեղծութիւններու վրայ յօրինած է բազմաթիւ ժողովրդական երգեր, ինչպէս՝ «Եղբայրութեան Եւ Կամ Սիրոյ», «Օտար, Ամայի Ճամբեքին Վրայ», «Սիրեցի Եարս Տարան», «Հայրենիքէս Հեռացել Եմ», «Պինկեոլ», «Կարմիր Ծաղիկ Մը Գարունի», «Ես Ձեզ Ասում Եմ» եւ այլն: Ան միեւնոյն ժամանակ տիրապետած էր մտաւորականի յղկուած ու կոկիկ լեզուին, զայն կը տեսնենք իր խոհա-փիլիսոփայական, հայրենասիրական, նաեւ՝ սիրային շատ քերթուածներու մէջ ու յատկապէս՝ անմահ «Ապու Լալա Մահարի» վիպերգին մէջ, որ հայ լեզուի շքեղութեան հանդէս է:
Իսահակեանի քերթողութեան նիւթերը բազմազան են, ինչպէս՝ սէր, հայրենիք, մայրերգութիւն ու ընկերային անարդարութեան դէմ ընդվզում: Սիրոյ ու ցաւի երգիչը ազգային-ընդհանրականին հետ կը հնչեցնէր նաեւ անձնական զգացումներ, այս է պատճառը, որ ցաւն ու վիշտը անբաժանելիօրէն շաղախուած են Իսահակեանի ամբողջ ստեղծագործութեան, կ’ուղեկցին անոր թէ՛ անձնական սիրոյ, թէ՛ ընկերային հարցերու, թէ՛ հայրենասիրական քերթողութեան:
Հայրենասէր Իսահակեան հայրենիքը դիտած է որպէս աշխարհի ու մարդկութեան անբաժանելի մասնիկը: Իսկ մայրը բանաստեղծին համար եղած է տիեզերական մեծ սիրոյ անխարդախ խորհրդանիշը: Մայրերգութիւնը անոր ստեղծագործութեան մէջ հանդէս կու գայ թէ՛ անխառն, զուտ մօր նուիրուած ստեղծագործութիւններով, թէ՛ աւելի յաճախ այլ տրամադրութիւններու մէջէն կ’անդրադառնայ մօր տիպարին:
Իսահակեան ընդվզած է անարդարութիւններու դէմ:  Ազատութեան տենչով այրած է թէ՛ ընդհանուր մարդկութեան, թէ՛ իր ազգին զաւակներուն, թէ՛ իր անձին համար:
Իսահակեան որպէս քաղաքական գործիչ 
Իսահակեան ապրելով Հայաստանէն հեռու, չէ դադրած մտածելէ հայերէնի, հայերու եւ հայրենիքի մասին: Ցաւօք, Իսահակեանի ամբողջ գործունէութիւնը չէ բացայայտուած: Ան երկար տարիներ ապրած է Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, եղած է ՀՅԴ Ալեքսանդրապոլի կոմիտէի անդամ, պայքարած է Ցարական միապետութեան դէմ, քանի մը անգամ ձերբակալուած եւ աքսորուած է, վտանգելով իր կեանքը հայրենիքին մէջ:
Ան սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է ազատագրական պայքարի ռահվիրաներու հետ եւ ներշնչուելով հայ
քաջամարտիկներու սխրանքներէն, գրած է «Հայդուկի Երգեր» շարքը, լոյս տեսած՝ «Դրօշակ»-ի համարներուն մէջ «Հայ – գուսան» ստորագրութեամբ, նուիրուած՝ Դաշնակցութեան տասնամեակին, Քրիստափոր Միքայէլեանի խնդրանքով:
Սիմոն Զաւարեանին նուիրուած քերթուածը, ամբողջութեամբ զգացումով թաթաւուն, ժողովրդական արտայայտամիջոցներով ու յուզականութեամբ գրուած է. Ս. Զաւարեանի յիշատակին ան կը գրէ՝
Այս նիւթամոլ, այս կեղծաւոր դարի մէջ,
Արհամարհեց նա ամէն բարձ ու պատիւ,
Միշտ վառ պահեց այն երկնային ջահն անշէջ,
Եղաւ բոլոր որբ սրտերի քաջ հովիւ…
Ան մտերիմ եւ ջերմ յարաբերութիւններ ունեցած է ՀՅԴ-ի հիմնադիր եւ Դաշնակցութեան միտքը ներկայացնող՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի հետ. անոնք ազատագրական պայքարի բովին մէջ աստիճանաբար վերածուած են գաղափարակից ընկերներու՝ փոխադարձ յարգանքի ու անկեղծ բարեկամութեան մթնոլորտի մէջ: Այս տեղեկութիւնները կ’իմանանք ՀՀ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւէն, ուր յայտնուած են երկու անտիպ նամակներ, գրուած Աւետիք Իսահակեանի կողմէ ուղղուած իր շատ մտերիմ՝ Աննա Մատակեանին:
Առաջին նամակը գրուած է 11 Մարտ 1905-ին, Ղազարապատ գտնուած շրջանին Քրիստափոր Միքայէլեանի մահուան գոյժը ստանալէն անմիջապէս ետք, իսկ երկրորդը ուղարկուած է նոյն ամսուան 18-ին՝ Ալեքսանդրապոլէն:
Քրիստափոր Միքայէլեանի զոհուելէն անմիջապէս ետք գրուած նամակները կը վկայեն այն մեծ հեղինակութեան մասին, որ վայելած է ՀՅԴ առաջնորդը ինչպէս կուսակցական շարքերուն, այնպէս ալ կովկասահայ մտաւորականութեան միջավայրին մէջ:
Ան Քրիստափորի մահուան գոյժը առնելով տառապած է եւ իր ցաւը մեղմացնելու նպատակով երկու նամակ ուղարկած է Աննային, որոնցմէ մէկուն մէջ կը գրէ. «Ես՝ քար սեղմելով իմ վշտոտ սրտի վրայ՝ նորից պարապում եմ, որովհետեւ պարապելով ես կատարած կը լինեմ իմ սուրբ, իմ բարձր Քրիստափորի կամքը – «աշխատե՜լ, աշխատե՜լ, զօրուգիշեր աշխատե՜լ հայրենիքի համար…»»:
Անդրադառնալով Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան՝ բանաստեղծը 11 Մարտ 1905 թուականի իր նամակին մէջ գրած էր. «…Հայոց խեղճ ազգը շա՜տ մեծ կորուստ ունեցաւ եւ դեռ շա՜տ երկար ժամանակ կը զգանք այդ կորուստը, նրա պակասը: Իմ աչքում նա ներկայիս ամենամեծ հայ մարդն էր – ո՞վ կը հասնի նրան- ոչ ոք …»։
Այլ նամակի մը մէջ, որ գրուած է Թիֆլիսէն, 10 Նոյեմբեր 1904-ին, Աւետիք Իսահակեան քողարկուած կերպով կ’ակնարկէր ՀՅԴ շարքերուն մէջ ծաւալած իր յեղափոխական գործունէութեան:
Շահան Նաթալիի Իսահակեանին ուղղուած նամակներէն կ’իմանանք, թէ ան մեծ ներդրում ունեցած է 1919-1921 թուականներուն «Նեմեսիս»-ի գործունէութեան մէջ, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները դատապարտուեցան մահուան:
Հայ մեծ գրող, մտաւորական, մեծ հայրենասէր ու մեծ հայ՝ Աւետիք Իսահակեանի կեանքին մէջ անբաժան մնացին ցաւն ու վիշտը, թէ՛ իր անձնական սիրոյ կորուստով, թէ՛ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի դժբախտ պատմութեան հետեւանքով, թէ՛ համամարդկային կեանքի անարդարութեան պատճառով:
Ան տեսաւ Հայաստանի անկախութիւնը կարճ ժամանակամիջոցով եւ կեանքին վերջին օրերը ապրեցաւ խորհրդային Հայաստանի մէջ շարունակելով ստեղծագործել:
Մարինա Բէնդէզեան