Լաթաքիոյ հայոց քեմփին կապուած եմ անմոռանալի յուշերով։ Աչքերս բացած եմ այնտեղ, 20-րդ դարու առաջին կիսուն։ 50 հայ ընտանիք կը բնակէր այս տարածութեան վրայ։ Տեղացի բնակիչներու զաւակներ կը մօտենային քեմփի դռան ու բարձրաձայն կը գոռային. «Թահաշուլ արման ալ քէտուն» ( Հայերը տեղաւորեցին  հոգետուն)։ Կարծէք ծաղրանք էր, կամ երեխայական  միջամտութիւն այլոց տան։ Ու կը սկսէր փոխադարձ քարկոծումը…։

Սուրիա այդ շրջանին քաղաքական յաճախակի վերիվայրումներ կ’ապրէր։ Բնակիչները օրերով իրենց տուներէն դուրս չէին ելլեր։
Քեմփի իւրաքանչիւր ընտանիք կ’ապրէր երկյարկանի, տախտակէ բաժանումով մէկ սենեակի մէջ։ Բազմազաւակ՝ հինգ եւ վեց զաւակներով ընտանիքները նոյնպէս։
Գիշերը քնանալու համար  անկողինները կը բանային, ներքնակ ու բարձ կը տեղաւորէին, իսկ առաւօտեան այդ բոլորը կը հաւաքէին, իրար վրայ զետեղելով սենեակին մէկ անկիւնը կը տեղադրէին։
Այստեղ հասակ առած են ՝ Գալաճեան,Գտըլեան, Խաչատուրեան, Լոշիկեան, Շաշաճեան, Մանճեան, Ջուլֆայեան,Ենիքոմէշեան, Ապտօ, Մուսա,Գրիգորեան, Թիւթիւնճեան, Ռուբինեան, Յովհաննէսեան,Գազանճեան, Եղեայեան, Շեխուկեան,Գաւլագեան, Ֆերմանեան,Կարապետ, Խալիլ,Պետրոս, Քազանճի, Պէրպէրեան,Ղազէլեան, Իշխանեան, Փիլիպոսեան, Աբրահամեան, Հաթութեան եւ Յաբեթեան ընտանիքներու զաւակներն ու թոռները, որոնք այսօր Լաթաքիոյ մէջ շատ մեծ հեղինակութիւն կը վայելեն։
Քեմփին արեւմուտքը Սաաի ընտանիքին պատկանող պարտէզն էր։ Պարտէզի պատին պատուած էին արտաքնոցներ կանանց եւ տղոց համար առանձնաբար։  Դիմացը՝ երկու  ջուրի աղբիւր եւ փոքր աւազան մը, ուր աղբիւրէն հոսած ջուրը կը հաւաքուէր  ու կ’օգտագործուէր մաքրութեան համար։
Ելեկտրականութիւն չկար։ Լուսաւորումի համար կ’օգտագործուէին քերոսինի լապտերներ (անգլ.՝ kerosene, հեղուկ, վառելանիւթ)։
Քեմփի մէջ երկու ընտանիքներ կով կը պահէին։ Ռոզա եւ Մարգարիտ, չարքաշ երկու տիկիններ, իրենց ամուսիններուն հետ կը գործէին։ Անոնք վարձած էին քեմփի դիմացն ու կողքը գտնուող ախոռներ։ Քաղաքի բարեկեցիկ ընտանիքները այլ թաղերէ քեմփ կու գային հոնկէ մաքուր ու բնական կաթ գնելու համար։
Հակառակ  քեմփի բնակիչներու ապրած այդ խեղճ վիճակին, քանի մը քեմփցիներ քաղաքի վարպետ արհեստաւորներն էին։ Կային վարպետ երկաթագործներ, մեքենագործներ եւ թոռնոճիներ։
Քեմփը կ’ապրէին վարպետ կօշկակարներ, որոնք քաղաքի հարուստ դասակարգի կանանց համար շատ գեղեցիկ ու նուրբ կօշիկներ կը կարէին։ Անոնցմէ էին Ենիքոմէշեան եղբայրները։
Քեմփին մէջ նշանաւոր էր նաեւ դերձակուհի Մարին, որ իր երկար տարիներու նշանածին, ապա ամուսինին՝
Նազարէթին հետ դերձակութեամբ կը զբաղէր՝ քաղաքի մեծահարուստ խաւին հիանալի հագուստներ կարելով։ Քեմփի  այն օրիորդները, որոնք չէին շարունակեր իրենց միջնակարգի ուսումը, դերձակութիւն կը սորվէին թէրզի Մարիին եւ Նազարէթին  մօտ։
Քեմփի Փառանձեմ մայրիկը (Փառանձեմ տուտուն) շատ մը հիւանդութիւններ կը բուժէր։  Ան որ ծանրութիւն բարձրացուցած ըլլալուն բերումով պորտի ցաւ ունենար, կը դիմէր Փառանձեմ մայրիկին, որ իր փոքր կաւէ կուժով պորտը իր տեղը կը բերէր։ Այդ բուժման ականատեսը եղած եմ։
Ապու Ճորճը՝ Սնըխճի (մարմնուղղակ- orthopedic) Սարգիսը կը բուժէր Լաթաքիոյ տարբեր շրջաններէն  եկող ոսկրային կոտրուածք  ունեցողները։
Մուսալեռցի թարախճի (սանտրագործ-tarak) Վահանը տախտակէ կամ կենդանիի կոտոշներէ ծայր աստիճան նրբութեամբ սանտր եւ վերարկուի կոճակներ կը պատրաստէր։
Քեմփը կ’ապրէր նաեւ պլաթճի (սալիկագործ) Վահանը, որ քաղաքի լաւագոյն վարպետն էր։
Նշանաւոր էր քեմփի կանանց պատրաստած  լոլիկի եւ պղպեղի մածուկը։ Մարդիկ քեմփ կու գային գնելու ձմռան այս պաշարները։
Նշանաւոր էին թէրզի (դերձակ) Վանէսը՝ Յովհաննէսը եւ իր տղան՝ Յակոբը, որոնց խանութը քեմփի մուտքի դռան՝ պաքքալ Յակոբին՝ պրն.Ակոբին խանութին կպչած էրգ. վերջինիս արաբ գործաւորը՝ Եահեան ջինջ հայերէն կը խօսէր։ Այս խանութը քեմփի Supper market-ն էր, ինչ ուզէիր կը գտնէիր հոն՝ կանաչեղէնէն սկսեալ։ Շրջանի միակ հեռաձայնը իր խանութը կը գտնուէր, կարիքը ունեցող քեմփցիներուն անվճար կը տրամադրէր զայն։
Քեմփը կը բնակէր նաեւ պարոն Խաչատուրը՝ որուն գրական անունը Ս.Պալաթոն էր։ Ան Հայոց լեզու կը դասաւանդէր, ունէր հեղինակային երկու գիրք՝ «Վերջին Թոնդրակեցիները»  եւ «Ինքնապատում»:
Կը յիշեմ քեմփի հարսանիքը՝ փեսան եւ հարսը  քեմփէն կ’ըլլային։ Անոնք մութին քեմփէն եկեղեցի  կ’ուղղուէին՝ Ս. Պսակի արարողութեան համար, իրենց կը հետեւէին քեմփցիները երգելով.
Լուսին չկար,մութ գիշեր էր,
Մի խումբ կ’երթար արագ-արագ,
Տեսանք, որ քաջ Խանի խումբն էր,
Զինուած էին էին մոսիններով։
Հայ հերոս Խանի՝ Բարսեղ Թիրեաքեանի նուիրուած այս երգը այդ օրերուն սորված եմ։
Լաթաքիոյ հայոց քեմփի կեանքին մասին նկարագրական յօդուածներ գրած են՝ արձակագիր Սմբատ Փանոսեան (1909-1995) եւ գրող Յակոբ Ադամեան (1933-2016)։
Լաթաքիոյ Ս. Յակոբեանց մանկապարտէզի շրջանաւարտներ՝ 1957։ Ձախ կողմ նստած՝ օրդ. Սիրան Աբրահամեան (քեմփի բնակիչ), աջ կողմ՝ օրդ. Ազնիւ Լոշիկեան (քեմփի բնակիչ)։ Շրջանաւարտներէն 8-ն՝ (քեմփի բնակիչ)։ Կեդրոնը տիրահայր Արամ Սարգիսեան եւ տիրամայր Սիրվարդ Փօլատեան՝ ծնողքը առաջնորդ Գերշ. Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի։
1960-ական թուականներուն ելեկտրականութիւնը մուտք գործեց բնակարանները։ Անոնք, որոնց նիւթական վիճակը բարելաւուեցաւ դուրս եկան քեմփէն եւ իրենց տուները յանձնեցին շրջաններէն եկած հայ ընտանիքներու։
Ամէն բնակարան պետական ջուր ունեցաւ, յարմարութիւն՝ բաղնիքի եւ լոգարանի, որոնց խողովակները կը միանային քաղաքի հիմնական խողովակին։
Այս շրջանէն սկսեալ թաղականութիւնը արտօնեց թիթեղեայ ծածկի փոխարէն տանիքները պեթոնէ ծածկ տեղաւորել։
Ազգապատկան   քեմփի տարածքը պիտի պետականացուէր, բայց Լաթաքիոյ ազգային իշխանութեան եւ Լաթաքիոյ փոխքաղաքապետ երջանկայիշտակ երկրչ.Պօղոս Ղազարեանի ջանքերով այդ նախագիծը չեղեալ համարուեցաւ։
Լաթաքիոյ քեմփի բնակիչները այստեղ պատսպարուած են Կիլիկիոյ երկրորդ պարպումէն ետք։
Հարիւր տարուան կեանք ունեցող Լաթաքիոյ քեմփը բարելաւուած է իր բնակիչներու անձնական ջանքերով։ Բնակիչները տարեկան խորհրդանշական վրանատուրք կուտային Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։ Այդ գումարը  կը յատկացուէր եկեղեցւոյ պայծառացման։
Լաթաքիոյ հայոց քեմփը վկան է 20-րդ դարու հայութեան տոկունութեան եւ պայքարող ոգիին։   Քեմփը վայելած է նաեւ Սուրիոյ պետութեան եւ բնակչութեան յարգանքն ու զօրակցութիւնը։
Դոկտ.Նորայր Մանճեան