ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւններու ամէնամեայ բանակումները իրենց աւարտին հասան։

Աւելի քան 500 երիտասարդներ օժտուեցան ազգային գիտելիքներով, մարզուեցան եւ զօրացուցին իրենց կամքը։
Բանակումի բոլոր մասնակիցները այն համոզումը ունէին, որ հայ երիտասարդը ընելիք ունի եւ ամէն օր պիտի պատրաստուի պայքարի` յանուն Հայաստանի եւ Արցախի։

Բանակումի օրերուն երիտասարդներուն այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, դաշնակցական գործիչներ, Արցախի նախագահը եւ Բագրատ Սրբազանը:

Անոնք զրուցեցին երիտասարդներուն հետ ներկայ քաղաքական իրավիճակին ու ընելիքներուն շուրջ, դասախօսութիւններ կարդացին եւ պատասխանեցին անոնց հարցումներուն:

Այդ առնչութեամբ՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Դաշնակցութեան ուժն ու ապագան Դաշնակցութեան երիտասարդներն են: ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ եւ ՀՅԴ ՀԵՄ ամէնամեայ բանակումները իրենց աւարտին հասան։ Բիւրականի եւ Աղաւնաձորի մէջ տեղի ունեցող մէկշաբաթեայ բանակումներուն մասնակցեցան շուրջ 500 երիտասարդ ՀՀ բոլոր մարզերէն ու Արցախէն։ Բանախօսներուն հետ ազգային կարեւորութեան հարցերու քննարկումները, ամէնօրեայ մարզումները, մարտական դասընթացները, արշաւները, ազգային երգերու եւ պարերու ուսուցումը երիտասարդները զինեցին նոր հմտութիւններով ու գիտելիքներով, կոփեցին թէ՛ ֆիզիքապէս, եւ թէ՛ հոգեպէս»։