ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կը գրէ.
«Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ ՔՈՓ 29-ի շրջագիծէն ներս ականատես պիտի ըլլանք Ատրպէյճանի կողմէ փաստերու եւ իրադարձութիւններու նենգափոխման, միջազգային հանրութեան աչքին սեփական ցեղասպան դիմագիծը փրկելու, պատերազմական յանցագործութիւններէն միջազգային ուշադրութիւնը շեղելու ատրպէյճանական ցուցադրութեան, որ համոզուած եմ, պիտի ուղեկցուի հայ ժողովուրդին ու անոր արժանապատուութիւնը վիրաւորող հերթական քայլերով։
Ամէն պարագայի, Նոյեմբերին Պաքուն պիտի հիւրընկալէ միջազգային հազարաւոր պատուիրակներ՝ բարձր ու բարձրագոյն մակարդակի (պետութիւններու ու կառավարութիւններու ղեկավարներ)։
Խորհրդաժողովին պիտի  մասնակցին միջազգային քաղաքական, իրաւապաշտպան, բնապահպանական հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ, փորձագէտներ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։
Ատրպէյճանական ցուցադրութեան ամբողջացման կը պակսի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական մասնակցութիւնը, զորս իրականանալու պարագային Պաքուի բռնապետը ինքզինք աւելի հաստատուն կերպով պիտի դիրքաւորէ իբրեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու համակեցութեան միտող առաջնորդ։
Հայաստանի մասնակցութիւնը կ’օգնէ օրինականացնելու ատրպէյճանական ցուցադրութիւնը, նպաստելով այդ ցեղասպան երկրի միջազգային ընկալունակութեան բարձրացման։
Վերջերս Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին կարեւոր կը համարեմ ՔՈՓ 29-ին ընդառաջ Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումի ուժեղացումը եւ մասնաւորապէս Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու պահուող այլ անձերու անյապաղօրէն ազատ արձակման եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն  ատրպէյճանական բռնատիրական ուժերու դուրս բերման համար։
Արդէն երկար ատենէ ի վեր այս ուղղութեամբ լայնածաւալ աշխատանք կ’իրականացնէ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը։
Այս գծով դրուատիքի արժանի աշխատանք կ’իրականացնէ նաեւ Միջազգային Քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ, մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամ Լուիս Մորենո Օքամփոն, որ հանդէս եկաւ նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան ուղղուած կոչով։
Կարեւոր կը համարեմ ընդգծել, որ Հայաստանի իշխանութիւններու կարելի մասնակցութեան եւ պարտուածի հոգեբանութեամբ անոնց կանխատեսելի քաղաքական վարքի պայմաններով մեր այն գործընկերները, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են մինչեւ ՔՈՓ 29-ը եւ անոր ընթացքին հանդէս գալ յստակ դիրքորոշումներով, պիտի ունենան տրամաբանական կաշկանդուածութիւն դիրքորոշումներու արտայայտութեան իմաստով։
Ուստի, Հայաստանը ներկայացնող որեւէ պատուիրակութիւն, պէտք չէ մասնակցի ՔՈՓ-29-ին, իսկ մասնակցելու պարագային, պէտք է յստակօրէն արծարծէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումը, բռնի ուժով տեղահանութիւնը, իրականացուած ցեղասպան քաղաքականութեան եւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող ռազմագերիներու անյապաղօրէն ազատ արձակելու հարցերը։
Հակառակ պարագային, Հայաստանի օրուան իշխանութիւնը հերթական անգամ պիտի փորձէ օրինականացնել Պաքուի բռնապետին յարձակողական եւ հակահայ քաղաքականութիւնը»: