ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, Խ. Աբովեանի անուան Հայաստանի Պետական Համալսարանի համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտաբանութեան ամպիոնի վարիչ Խաչատուր Ստեփանեան կը գրէ.
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Պատմութիւնը չի սորվեցներ, ան կը պատժէ դասը չսորվելուդ համար»։
Վ. Կլիւչեւսկի
Պատմութիւնը որպէս մարդկութեան յիշողութիւն
Պատմութիւնը մարդկութեան յիշողութիւնն է: Յիշողութիւնը կորսնցուցած մարդը կը կորսնցնէ իր կուտակած գիտելիքները, կենսափորձը, կը դառնայ երեխայ, կը դադրի մարդ ըլլալէ իր եւ հասարակութեան աչքին: Անհատական յիշողութեան տեղը հասարակութեան կեանքին մէջ պատմութիւնը կը գրաւէ. առանց անցեալի իմացութեան, հասարակութիւնը ունակ չէ ինքնաճանաչման եւ բնականոն գործունէութեան:
Մարդկային յիշողութեան թերութիւնները եւ պատմութեան՝ որպէս հասարակական յիշողութիւն, թերութիւնները փաստարկ չեն անցեալի ուսումնասիրութեան դէմ:
Պատմաբանները անցեալի մասին կը պատմեն միանգամայն երկրային, առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով՝ հետաքրքրութենէ դրդուած՝ գիտելիքի ծարաւէն, եւ ըստ «հասարակական պատուէր»-ի , այսինքն՝ հասարակութեան կամ անոր մէկ մասին խնդրանքով: Ժամանակակից «հասարակական պատուէր»-ի անթաքոյց ձեւը պետութեան, տարբեր հիմնադրամներու եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհներն են:
Պատմագիտութեան դաստիարակչական գործառոյթները
Բոլոր մարդկային գիտութիւնները կոչուած են մարդը կրթելու, աւելի մարդասէր դարձնելու: «Մարդկութիւնը մարդկայնացնելու» դաստիարակչական խնդիրը պատմութեան մէջ միշտ եղած է, թէեւ փոխուած են նրբութիւնները: Հին ժամանակներուն ասիկա  ուղղակի կոչ էր՝ հետեւելու բացարձակապէս դրական օրինակներուն, օրինակ՝ սխրանքին Լէոնիթասի մարտիկներուն, որոնք մինչեւ մահ կռուեցան Թերմոբիլէի  մէջ, կամ Վարդանանց մարտիկներուն, որոնք անմահացան «վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատոյ»:
Գիտական եւ ճարտարարուեստի յառաջընթացին եւ բարոյական վիճակին միջեւ խորացող անջրպետին պատճառով մարդկութեան կը սպառնայ ապամարդկայնացումը եւ բարոյազրկումը, որոնց դէմ պայքարելու գլխաւոր միջոցը պատմութեան իմացութիւնն է:
Պատմութեան բնորոշ հզօր կրթական լիցքը ակնյայտ է, բայց կարեւոր է որոշել, թէ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս կրթել:
Ին՞չ պէտք է կրթել
-Հայրենասիրութիւնը՝ սէր եւ յարգանքն է սեփական հայրենիքին, մեծ մարդոց եւ հասարակ աշխատաւորներուն հանդէպ, որոնք նպաստած են հայրենիքի բարգաւաճման, նիւթական եւ մշակութային արժէքներ ստեղծած եւ պաշտպանած զայն թշնամիին ներխուժումներէն,
-Համամարդկային արժէքներ՝ մարդասիրութիւն (մարդկայնութիւն), հանդուրժողականութիւն տարբեր հայեացքներ ունեցող ժողովուրդներու եւ անհատներու նկատմամբ: Պէտք է  յառաջադէմ երեւոյթներու հանդէպ սէր ջամբել եւ անցեալի մութ դրսեւորումներու հանդէպ ատելութիւն չունենալ:
-Անկարելի է երեւակայական հայրենասիրութենէն դրդուած լռեցնել սեփական պատմութեան ժխտական պահերը, ինչպէս օրինակ, չամիչով կարկանդակէն չամիչը առանձնացնելը:
Բայց որպէսզի անցեալի մասին պատմող պատմաբանը իսկապէս սերմանէ բանականը, լաւը, յաւերժականը, ինք պէտք է ազնիւ ըլլայ: Պատմութեան ուսումնասիրութեան «բարոյական հասանելիութեան» անհրաժեշտութիւնը պէտք է ըլլայ նշանաբան:
Պատմութեան դասերը
Պատմութիւնը մարդկային փորձի կուտակիչն է: Հանրածանօթ է Ք. ա. առաջին դարու հին հռոմէական ականաւոր քաղաքական գործիչ եւ հռետոր Մարք Ցիցերոնի «պատմութիւնը կեանքի ուսուցիչ» բանաձեւը: Բոլորը պէտք է յիշեն, որ անցեալի դասերէն կը բխի գիտական հեռատեսութեան, կանխատեսման կամ, ինչպէս կ’ըսուի, «պատմական գիտութեան կանխատեսման գործառոյթի» կարելիութիւն: «Մենք կ’ուսումնասիրենք անցեալը, որ աւելի լաւ հասկնանք ներկան եւ մասամբ բանանք ապագան ծածկող վարագոյրը», կը գրէ 19-րդ դարու ռուս հրապարակախօս Վիսարիոն Փելինսքի:
Կառավարիչները կ’օգտագործեն պատմական փորձառութիւնը յաջող նախագիծեր մշակելու համար, ուստի պատմութիւնը կարելի է անուանել պետական որոշումներ կայացնելու տեսական հիմք:
Պատմութիւնը դիտարկելով որպէս պետական կառավարման արուեստի մաս՝ միապետներն ու այլ հեռատես կառավարիչները ուսումնասիրած են զայն եւ վարձած լաւագոյն փրոֆեսորները՝ իրենց իրաւայաջորդները կամ գահի այլ հնարաւոր ժառանգները սորվեցնելու համար: Այդ պատճառով է, որ պատմութիւնը կը կոչուի գիտութիւն արքայազներու համար: Այսպէս, 18-րդ դարու գերմանացի պատմաբան Լէոփոլթ Ռանքէն դասախօսութիւն մը կարդացած է Բաւարիոյ թագաժառանգ Մաքսիմիլիան Վիտելսպախին, իսկ Մոսկուայի համալսարանի փրոֆեսոր Վասիլի Կլիւչեւսքին ուղարկուած է դասախօսութիւններ կարդալու Ռուսիոյ եւ արտասահմանեան պատմութեան վերաբերեալ Ալեքսանտր III-ի որդւոյն՝ Գէորգի Ռոմանովին, որ 1890-ականներուն բուժուած է ջաւախքեան Ապասթումանի հանգստավայրին մէջ («ապասթումանի դասընթացք»):
Պատմութեան փորձառութիւնը «տեսնողին» համար է
Սակայն պատմական փորձառութեան կիրառման կարելիութեան գնահատականները նոյնանման չեն. առնենք երկու ականաւոր հակառակորդներ՝ Հեկելն ու Կլիւչեւսքին: Հեկելի դիրքորոշումը. «…ժողովուրդներն ու կառավարութիւնները ոչինչ սորված են պատմութենէն եւ չեն գործած համաձայն այն ուսմունքներուն, որոնք կրնան քաղած ըլլալ անոնցմէ… իւրաքանչիւր դարաշրջան այնպիսի անհատական վիճակ է, որ այս դարաշրջանին կարելի է գոյացնել միայն այնպիսի որոշումներ, որոնք կը բխին տուեալ իրավիճակէն»:
Կլիւչեւսքիի պատասխանը. «Պատմութիւնը, կ’ըսեն անոնք, որոնք պատմութիւն չեն ուսումնասիրած, այլ միայն կը փիլիսոփայեն անոր մասին, ոչ մէկուն բան սորվեցուցած է: Եթէ նոյնիսկ այս իրողութիւնը ճիշդ է, ատիկա պատմութ-եան որպէս գիտութիւն ոչ մէկ ձեւով կը վերաբերի: Ծաղիկները մեղաւոր չեն, որ կոյրերը չի տեսներ զիրենք:  Պատմութիւնը կը սորվեցնէ նոյնիսկ անոնց, որոնք դասեր չեն քաղեր իրմէ: Ան նմաններուն դաս կու տայ իրենց անտեղեակութեան եւ անտեսման համար»:
Հաշուի չառնելով պատմութեան դասերը, լեհերը 17-րդ դարուն, շուէտացիները 18-րդ դարուն, Նափոլէոնը 19-րդ դարուն, Հիթլերը 20-րդ դարուն ապարդիւն քայլերով փորձեցին գրաւել Ռուսիան: ԽՍՀՄ-ն, նկատի չառնելով 16 Յունուարի 1920-ի ԱՄՆ-ի մէջ ընդունուած ոգելից ըմպելիի մասին «չոր օրէնքի» ապարդիւն ըլլալը, նոյնը կիրառեց իր տարածքին:
Յ. Գ.
Գիտական հետազօտութեան հիմնական նպատակն է հասկնալի, ճշգրիտ եւ ստուգելի ձեւով պատասխանել՝ ի՞նչ (կամ ինչպէ՞ս), ո՞ւր, ե՞րբ, ո՞ւրկէ եւ ինչու՞ պարունակող հարցումներուն: Այս հարցումներէն ամենաբարդն ու դժուարը «ինչո՞ւ»-ն է: Պատմութեան դասերը իւրացնելու համար պէտք է անպայման պատասխանել ինչո՞ւ հարցումին: Ինչո՞ւ հարցումի պատասխանին փնտռտուքը մեզ կը հասցնէ երեւոյթի պատճառին, որ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունի հետեւանքին հետ: Օրինակ՝ միջկայսերապաշտութեանց հակասութիւնները Առաջին համաշխարհային պատերազմի ամենակարեւոր պատճառներն էին:
Եւ վերջապէս.
Հայ մեծանուն գործիչ Գարեգին Նժդեհ կը հաստատէ. «Սիրէ՛ պատմութիւնը: Պետական գործիչի համար բացարձակ
անհրաժեշտութիւն է պատմութեան ուսումնասիրութիւնը: Ցեղի հոգին ճանչնալու համար բաւարար չէ իմանալ պատմութիւնը, պէտք է վերապրիլ զայն»:
Պատմահայր Մովսէս Խորենացի կ’ըսէ. «Քաջերու սահմանը անոնց զէնքն է. որքան զարնէ՝ այնքան ալ կը տիրէ: Պատմութեան իմացութիւնը կարեւոր զէնք է»։