Խորհրդային գիտնականներու համաստեղութեան թաքնուած մեծագոյն անձնաւորութիւնը կը մնայ Կիրիլ Շչոլկի Իվանովիչը՝ Կիրակոս Յովհաննէսի Մետաքսեան։ Ծնած է 1911-ին, Թիֆլիս։ Գերդաստանը եղած է Խրիմի Կարասապազար գիւղաքաղաքէն, մեծ հայրը՝ Եփրեմը (Եֆիմ), հայրը՝ Յովհաննէս Շչոլկին (Իվան), որ ծառայած է Հայաստանի Նոր-Պայազէտ Դալարագիւղի շրջանը, որպէս հողաչափ եւ քարտէզագիր:
Կիրակոսի մայրը եղած է պուլկար-քակաուզի խառնուրդ: Կիրակոս, որ կոչուած է Կիրա, ապա Կիրիլ, կնքուած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ եւ արձանագրուած որպէս ուղղափառ:
Ընկերվարական աշխատանքի եռակի հերոս, լենինեան մրցանակի դափնեկիր, պետական մրցանակի քառակի դափնեկիր. պարգեւատրուած է Լենինի չորս, կարմիր դրօշ, կարմիր աստղ շքանշաններով:
Շչոլկին աթոմային, ջրածնային ռումբերու եւ հակազդեցիկ վառելանիւթի, հրթիռները առաջ մղող կրակի ստեղծողն է: Ան պայթեցուցած է խորհրդային առաջին, երկրորդ եւ երրորդ աթոմային ռումբերը ու ջերմամիջուկայինը։ Կիրիլէն բացի ուրիշ ոչ մէկուն կը վստահէին այդ աշխատանքը:
Տաղանդաւոր այս գիտնականը հիմնած է խորհրդային երկրորդ միջուկային կեդրոնը՝ Ուրալը, «Չելեափինսկ-70»-ը, որ ոչ միայն կը մրցէր առաջինին՝ «Արզամաս-16»-ին հետ, այլեւ շատ մը պարագաներու կը գերազանցէր զայն:
1960-ին, 49 տարեկան հասակին, «Չելեափինսկ – 70»-ի գիտական ղեկավար ու գլխաւոր կերտիչը հրաժեշտ կու տայ իր բոլոր պաշտօններուն, կը մեկուսանայ ոչ միայն միջուկային զէնքին առնչուող բոլոր գործերէն, բնագաւառէն դադրելով, այլեւ կը զրկուի որեւէ տեղեկութիւն ստանալէ եւ միջուկային կեդրոններ այցելելու իրաւունքէ. կեդրոններ, ուր անցուցած էր իր կեանքին գերակշռող մասը:
Ի՞նչ էր պատճառը, որ իրեն նման տաղանդաւոր, վստահելի եւ Խորհրդային Միութեան փառքին, անվտանգութեան ծառայած գիտնական մը լրիւ մեկուսացուէր:
Ըստ պաշտօնական տեղեկատուութեան, Կիրիլի առողջութիւնը կտրականապէս վատթարացած էր, որուն հետեւանքով ալ ան դիմած էր Խորհրդային ղեկավարներուն՝ զինք բոլոր պաշտօններէն դադրեցնելու խնդրանքով։ Իր գործին բնոյթը հասկցողները, բնագաւառի առաջամարտիկները փափկանկատ չէին իր առողջութեան նկատմամբ: Կիրիլի մօտ նկատելի էին հիւանդութեան ախտանիշներ, ու թէեւ կը ջանար յաղթահարել տկարութիւնը, սակայն գրելու կարողութիւնն իսկ նահանջած էր:
Հակառակ այս բոլորին, ինչպէ՞ս կարելի էր մեկուսացնել նման տաղանդաւոր եւ վստահելի գիտնական մը։
Գոյութիւն ունէին նաեւ այլ վարկածներ։ Կիրիլ Շչոլկին եկած էր այն եզրակացութեան, որ երկիրը անվտանգ ու ապահով պահելու համար բաւարար էր ոչ-շատ հզօր միջուկային ռումբեր. այն պահուն, երբ միջուկային մտագարութիւնը ծայրայեղութեան հասած էր՝ «ամէն ինչ ռումբ ստանալու համար» կարգախօսով:
Այլ վարկած մըն էր նաեւ իրեն հանդէպ նախանձը, որուն հետեւանքով ալ մրցակիցներու իրմէ ձերբազատելու անթաքոյց ջանքերը, որոնց լաւագոյն ապացոյցը հանդիսացաւ Բերիան, որ ստանձնելով հանդերձ ներքին գործերու ժողկոմը, կը տառապէր անվստահութեան բարդոյթէն:
Աւելին. այդ տարիներուն ԽՍՀՄ-ի կոմկուսի քարտուղարը ծագումով հրեայ Միքայէլ Սուսովն էր, որ սիոնիզմի ջրաղացին ջուր կը լեցնէր իր որոշումներով, օգնելով առաջնութեան ձգտող անուանի հրեաներուն, ինչ որ թամբէն վար բերաւ հայազգի այս մեծ եւ տաղանդաւոր գիտնականը:
Կիրիլ Շչոլկին կը բացայայտէ իր հայկական արմատները
Օր մը Շչոլկին կ’ուղղուի Մոսկուա, ուր առիթ կը ստեղծուի զրուցելու ուղեկիցին հետ, որ Օտեսայի համալսարանի մեքենագիտական ամպիոնի վարիչն էր՝ ակադեմիկոս Կոնստանդին Ասլանովը (ծագումով եւ արմատներով հայ): Վերջինը իր խօսքին մէջ կ’ըսէ. «Ինչ անհրաժեշտ է կոյրին, եթէ ոչ զոյգ մը աչք, ինչպէս կ’ըսէ հայկական առածը…»։
Շչոլկին ցնցուած կը բացագանչէ.
_Օ՜… ուրկէ է հայերէնի, մասնաւորաբար հայկական առածներու ձեր իմացութիւնը:
Ասլանով կը պատասխանէ.
_Չէ որ ես հայ եմ։ Ծնած եմ Աստրախան եւ մեծցած Սարատով։ Այդ քաղաքները բնիկ հայկական վայրեր են…:
_Իմ ծնողներն ալ հայեր են, Ղրիմի շրջանէն։ Անունս Կիրիլ չէ, ես Ս. Խաչ եկեղեցին մկրտուած եմ Կիրակոս անունով։ Մանկութեան կոչուած եմ Կիրա։ Ամէն պարագայի իմ հայրը, պապը, տատը հայեր են եւ մականունը Շչոլկին չէ, այլ՝ Շոլկին, որ կը նշանակէ Մետաքսեան։
Այսպիսով այս հանդիպումը եւ զրոյցը առիթ կու տան Շչոլկինին վերյիշելու իր մոռցուած արմատները:
Շչոլկինի ժամանակակից հայազգի միջուկային գիտութիւններու այլ վաստակաւոր եւ պատկառելի գիտնականներ են նաեւ խորհրդային արտաքին հետախոյզ զօրավար Հայկ Յովակիմեան, Աբրահամ եւ Արտեմ Ալիխանեան եղբայրներ, Անդրանիկ Իւսիֆեան, Իվան Կնունեանց եւ Սամուէլ Քոչարեանց:
Աղբիւրներ
-«Եռակի Հերոսը, Գաղտնի Մնացած Հայը, Որին Չգիտի Ժողովուրդը» Գրիգոր Մարտիրոսեան:
-«Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթ, «Ամենագաղտնի Մարդը», Հայկ Մարտիրոսեան:
Ճարտ. Կարպիս Մինասեան