Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ համարուող քեմալականներու Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) առաջնորդ Օզկիւր Օզէլի հետ:
Օզէլ նախ ափսոսանք յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Ապպասի ելոյթին ներկայ չգտնուելուն առիթով, ապա ընդգծած է, որ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը մշտապէս աջակից պիտի ըլլայ պաղեստինցի ժողովուրդին ու Պաղեստինի դատին։
Թուրք ընդդիմադիր կուսակցապետը յայտնած է նաեւ, որ «ԺՀԿ» առաջնորդ դառնալէն ետք, Պաղեստինը որպէս անկախ պետութիւն ճանչնալու խնդրանքով նամակներ առաքած է աշխարհի 119 առաջնորդի:
Ապպաս կարեւոր համարած է Օզէլի գործունէութիւնը Պաղեստինի հարցը արծարծելու տեսանկիւնէն եւ զինք հրաւիրած է Պաղեստին։