Ելեկտրականութեան եւ Մաքուր Օդի Հետազօտութիւններու Կեդրոնը (CREA) զեկոյց  հրապարակած է տարբեր երկիրներու կողմէ Ռուսիայէն իրականացուող ներածումներու մասին:
Ըստ այդմ, Չինաստան, Հնդկաստան եւ Թուրքիա Ռուսիայէն մեծ քանակով քարիւղ կը  ներածեն: Այս առումով քարիւղի ներածման առաջատարը Չինաստանն է, որուն կը յաջորդեն Հնդկաստանը եւ Թուրքիան:
Ռուսիայէն Թուրքիա արտահանուած քարիւղի տոկոսը կը կազմէ ընդհանուր արտահանման 6%-ը, մինչդեռ դէպի Չինաստան կ’արտահանուի 47% տոկոսը:
Կը յիշուի նաեւ, որ այս երկիրները Ռուսիայէն ոչ միայն քարիւղ, այլեւ ածուխ կը ներածեն: Թուրքիան ներածուող ածուխի ծաւալով եւս 3-րդն է: Ան կը ներածէ Ռուսիոյ ածուխի 10% տոկոսը: