Աստրախանի Կասպեան մամլոյ համախմբումի ընթացքին Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազէմ Ճալալի յայտնած է, թէ տարածաշրջանի զարգացումներուն վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը այն է, որ երրորդ ոչ մէկ երկիր պէտք է մտնէ Կասպեան տարածաշրջան։

«Մենք բոլորս ինքնիշխան երկիրներ ենք եւ ունակ ենք ինքնուրոյն կառավարելու այս տարածաշրջանը», պարզաբանած է ան։