Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար վերահաստատած է լիարժէք աջակցութիւնը՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի խախտումներու քննութեան երկկողմ ձեւաչափ ստեղծելու մասին Հայաստանի առաջարկին:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումին համաձայն, Քլաար X-ի իր միքրոպլոկին վրայ բաժնեկցած է այս առումով Յունիսին կատարած իր գրառումը ու կից գրած.
«Կը կրկնեմ զինադադարի վարչական դրութեան խախտումին մասին պնդումները հետաքննելու համար երկկողմ ձեւաչափ ստեղծելու մասին Երեւանի առաջարկին լիակատար աջակցութիւնս»:
Աւելի ուշ կատարած գրառումով Քլաար ողջունած էր հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի ենթադրեալ խախտումները հասցէագրելու երկկողմ ձեւաչափ ստեղծելու Հայաստանի առաջարկը՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու նպատակով։