Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ 15 Օգոստոսին, ժամը 18։10-ի սահմաններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան հատուած տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Գերատեսչութիւնը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկած է ստեղծել զինադադարի վարչական դրութեան խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմ ձեւաչափ: