Ուրբաթ, 16 Օգոստոսին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ազատ արձակուեցաւ կալանքէն` 15 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց:

Հակափտածութեան առաջին ատեանի դատարանը Ուրբաթ օր բաւարարած է նախկին նախարարի պաշտպան Անդրանիկ Մանուկեանի միջնորդութիւնը Տօնոյեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու մասին:

Դաւիթ Տօնոյեան գրեթէ երեք տարիէ ի վեր կալանաւորուած էր «անպիտան հրթիռներու» գործով: Նախկին նախարարը այս գործով անցնող 7 մեղադրեալներէն միակն էր, որ անազատութեան մէջ էր:

Դատարանը մերժած էր Տօնոյեանի կալանքը փոխելու բազմաթիւ միջնորդութիւններ:

Ինք` նախկին նախարարը չ՛ընդունիր մեղադրանքը։ Ան յայտարարած է, որ իր նկատմամբ «թաւշեայ քաղաքական հետապնդում կ՛իրականացուի»: