Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Տոյվո Քլաարի կարծիքով՝ Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան շրջաւիծին մէջ կարևոր տարրեր կը հանդիսանան նաև մարդասիրական, մասնաւորապէս, գերիներուն և անհետ կորածներուն վերաբերող հարցերը։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը նման դիտարկում կատարած է JamNews-ին տուած հարցազրոյցին՝ անդրադառնալով Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շրջագիծին մէջ մարդասիրական հարցերու կարեւորութեան։«Ինծի համար յարաբերութիւններու կարգաւորման ողջ գործընթացը կը վերաբերի մարդոց և, հետևաբար, մարդասիրական հարցերուն: Սակայն, եթէ նկատի ունիք գերիներու և անհետ կորածներու ճշգրիտ հարցը, անոնք նոյնպէս առանցքային տարրեր են», ընդգծած է Տոյվո Քլաար: