Հալէպահայ երիտասարդ բժիշկ Գրիգոր Աշնագլեան, աւարտելէ ետք Հալէպի բժշկական համալսարանը, մասնագիտանալու համար ութը ամիս առաջ մեկնած էր Գերմանիա։
Գրիգորի մայրն ու դիմատետրի օգտատէրեր աւելի քան 15 օրէ ի վեր կ՚ահազանգեն, որ իր ծնողքին հետ ամէնօրեայ կապի մէջ եղող Գրիգոր Աշնագլեանի կապը 19 Յուլիսին խզուած եւ հետքը կորսուած է անյայտ պատճառներով, բջջային հեռաձայնը անգամ անհասանելի դարձած է։
Հակառակ հնչող ահազանգին եւ ծնողքին ու բարեկամներու ճիգերով Գերմանիոյ ոստիկանութեան հետաքննութեան, ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն կարելի եղած է իմանալ հայորդիին անհետացման պայմաններուն մասին։
Մայրն ու հարազատները ճիգ չեն խնայեր որեւէ տեղեկութեան հասնելու իրենց որդւոյն եւ սիրելիին ճակատագրին գծով։
Ուստի որեւէ տեղեկութիւն ունեցողները, յատկապէս Գերմանիա ապրող մեր ազգակիցները, կրնան գրառումով կամ ե-նամակով տեղեակ պահել մեզ։