Յունիսին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան (այսուհետեւ՝ ԿԽՄԿ) աշխատակիցները այցելած են Պաքու պահուող հայ գերիներուն։ Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին։

Ան դիտել կու տայ, որ բոլորին կարելիութիւն պիտի տրուի հեռաձայնային կապ ունենալ իրենց հարազատներուն հետ կամ տեսաուղերձ յղել անոնց։

Կը հաղորդուի, որ տեղի ունեցած են անձնական հանդիպումներ, պայմաններ ստեղծուած են ընտանիքներու հետ շփումներու համար, ինչպէս նաև գնահատուած են անոնց կալանաւորման պայմաններն ու գերիներու հետ վարուելու կանոնները։