Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի ու Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ներքին կացութեան եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներուն: