Այսօր առաւօտեան ժամերէն Երեւանի ու մարզերու մէջ սկսած են անհնազանդութեան ցոյցեր: Փակուած են բազմաթիւ փողոցներ, պողոտաներ, խաչմերուկներ։ Երթեւեկութիւնը կաթուածահար եղած է։ Երիտասարդները իրազեկման ցոյց իրականացուցած են մեթրոյին մէջ։
Անհնազանդութեան գործողութիւններուն միացած են նաեւ 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու ծնողները։
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Սրբազանը։
Երեւանի Խանճեան փողոցին մէջ վիճաբանութիւն սկսած է կարմիրբերետաւորներուն եւ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի միջեւ, որ ի վերջոյ հարթուած է:
Մայրաքաղաքի որոշ հատուածներուն մէջ իրավիճակը լարուած է, բախումներ տեղի ունեցած են կարմիրբերետաւորներուն ու անհնազանդութեան գործողութիւններ իրականացնող մասնակիցներուն միջեւ, որուն հետեւանքով տասնեակ քաղաքացիներ բռնի ուժով բերման ենթարկուած են ոստիկանական տարբեր բաժիններ:
Բերման ենթարկուածներու թիւին մէջ զոհուած են զինծառայողներու ծնողներն ու հարազատները, ընդդիմադիր պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանը, ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի որդին` Իկոր Խաչատուրովը, երգիչ Արսէն Գրիգորեանը, Դաւիթ Ամալեանը, բժիշկ Գէորգ Թամամեանը:
Վիճակը լարուած է Հանրապետութեան փողոցին մէջ. կարմիրբերետաւորները փորձած են ներխուժել ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի (ԳՄ) շէնք եւ անհամաչափ ուժի գործադրումով բերման ենթարկած են ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ նախագահ, Ազգային Ժողովի Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը։
Նշենք, որ դէպքին առիթով Ներքին Գործոց Նախարարութեան ներքին անվտանգութեան եւ հակափտածութեան վարչութեան մէջ ծառայողական քննութիւն նախաձեռնուած է։ Անոնք Նաեւ հաւաստիացուցած են, որ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը բերման չեն ենթարկած, այլ «հեռացուցած են տարածքէն»։
Այս պահուան դրութեամբ Ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է ցոյցի 240 մասնակից:
ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան անդրադառնալով ոստիկանական բռնութիւններուն, Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Սա ուժային իշխանութիւն է: Այն վայրենաբարոյ վարքը, որ կը ցուցաբերէ ոստիկանութիւնը, ուղղակի խայտառակութիւն է: Անոնք թքած ունին միջազգային կառոյցներու գնահատականին վրայ, քանի որ միջազգային քանի մը կառոյցներու զեկոյցներ յստակ կը մատնանաշէին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան յետընթացի, ոստիկանական բռնութիւններու ու անհամաչափ ուժի կիրարկման մասին։ Սակայն խօսքը այլեւս ոչ թէ անհամաչափ ուժի կիրառման մասին է, այլ բորենիներու ոհմակով յարձակումի»:
Նշենք, որ առաւօտեան ժամը 8։00-էն անհնազանդութեան ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Շիրակի մարզին մէջ։ Մեծ թիւով քաղաքացիներ փակած են Կիւմրի-Բաւրա միջպետական ճանապարհի Թորոսի կամուրջին հատուածը՝ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ «Հայ, Հայաստան, հայրենիք ու Աստուած» կը վանկարկէին բոլորը։