Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Քլոթ Վիզլեր Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ միատեղ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ
գերիներու ազատ արձակումը նախապայման է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար, սա յստակ է մեզի համար։
«Մէկ տարուան ընթացքին սա իմ երկրորդ այցելութիւնն է Հայաստան, որ աննախադէպ բան է։ Առաջին անգամ ես այստեղ էի որպէս Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամ, բայց այն պահուն որ դարձայ պալատի նախագահ, ըսի՝ պէտք է վերադառնամ։ Զիս մղողը վերջին ամիսներու ընթացքին այս տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն են։ Սա ցոյց կու տայ ՀՀ-ի եւ Լիւքսեմպուրկի յարաբերութիւններու զարգացումը։ Ունինք շատ գործուն քաղաքական երկխօսութիւն։ Մենք այս ընթացքին կը պատրաստուինք հանդիպելու Հայաստանի նախագահին ու վարչապետին», ըսաւ ան։
Քլոթ Վիզլեր յայտարարեց, որ Հայաստան Լիւքսեմպուրկի ամբողջական աջակցութիւնը ունի իր ժողովրդավարութեան անցումի ճանապարհին։ Ան ողջունեց նաեւ Հռոմի համաձայնագրի վավերացումը Հայաստանի կողմէ։