Թուրքիոյ «Քատիր-Հաս» համալսարանի փրոֆեսոր Միթաթ Չելիքփալան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման շուրջ սկսած գործընթացին մասին իր կարծիքը յայտնած է թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիէթ» թերթին:
Չելիքփալան գործընթացի մասին իր դիտարկումները ձեւակերպած է՝ վերջերս Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման մասին գնահատականներ տալով:
Թուրք փրոֆեսորը, նախ ներկայացնելով հանդիպման լուսաբանուած՝ չլուսաբանուած կողմերը,  յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները չեն լուծուած, ապա ընդգծած, որ հանդիպումը եղած է ապարդիւն:
Ըստ Չելիքփալայի, Ալմաթիի հանդիպումը ոչինչով կը տարբերէր նախապէս Գերմանիոյ միջնորդութեամբ տեղի ունեցած երկկողմ բանակցութիւններէն, քանի որ երկու պարագային ալ հանդիպումը աւարտած է առանց փաստաթուղթի ստորագրումին, այսինքն առանց խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման։
Այս շրջագիծին մէջ ան շօշափած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ
Թուրքիոյ միջնորդական դերի կարեւորութիւնը՝ կտրականապէս բացառելով զայն:
Նման կարծիք փրոֆեսորը հիմնաւորած է այն համոզմամբ, որ Թուրքիան այս գործընթացին մէջ անկողմնակալ չէ եւ այդ իսկ պատճառով Հայաստանի տեսանկիւնէն դիտարկելու պարագային Թուրքիան չի կրնար հանդիսանալ որպէս միջնորդ պետութիւն:
Ամփոփելով միտքը՝  Չելիքփալա, այնուամենայնիւ, համոզմունք յայտնած է, որ եթէ բանակցութիւնները շարունակուին, Ատրպէյճանի՝ Հայատանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը, ի վերջոյ կրնայ իրականութիւն դառնալ։
Այս համոզումը թուրք փրոֆեսորը բացատրած է այն նկատառումով, որ խաղաղութեան գործընթացը կը վերածուի աշխարհաքաղաքական գործընթացի մը, որ սակայն Ատրպէյճան կը փորձէ կանխել եւ խնդիրները լուծել Հայաստանի հետ երկկողմ հանդիպումներու ճամբով:
Բացի ատկէ, ան ընդգծած է, որ պայմանագիրի ստորագրումը կրնայ ըլլալ մինչեւ 2024-ի ամռան վերջը՝ նախքան Պաքուի մէջ Նոյեմբերին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) «Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային համաձայնագրի մասնակիցներու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանի»՝ COP29-ի գումարումը:
«Ատրպէյճան այդ ժողովը (COP29-ի Պաքուի մէջ հրաւիրելը-խմբ.) կարեւոր կը համարէ: Ես կ’ենթադրեմ, որ անոնք չեն փափաքիր, որ նախաձեռնութենէն առաջ մեծ խառնաշփոթ տեղի ունենայ՝ կամ՝  բան մը, որ կը խախտէ տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնը։
Ուստի կը կարծեմ, որ եթէ բանակցային գործընթացը  քիչ մը աւելի երկարի, կողմերուն միջեւ համաձայնագիր կը ստորագրուի», յայտնած է թուրք փրոֆեսորը։