Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաստատած է, որ Մշակութային իրաւունքներու ոլորտէն ներս ՄԱԿ յատուկ զեկուցողը հաղորդագրութիւն-հարցում ուղարկած է Ատրպէյճանին՝ մտահոգութիւն յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման մասին:
«Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ ժողովուրդի, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշներու թիրախաւորման, միջազգային մարդկային իրաւունքի խախտումներուն մասին: Հաղորդագրութիւնը կ’անդրադառնայ ՄԱԿ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 7 Դեկտեմբեր 2021-ի վճիռին, կը ներկայացուի սրբավայրերու, գերեզմանատուներու ոչնչացման, «աղուանացման» զեղծարարութեան, հակագիտական մօտեցումներու, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» եզրոյթով տարածուող կեղծ օրակարգի, հայերուն նկատմամբ ատելութեան խօսքի, 19 Սեպտեմբերի յարձակումին եւ ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցերու մասին տեղեկատուութեան», փոխանցած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խօսնակ Անի Պատալեան Aysor.am-ի հարցումին ի պատասխան իր մեկնաբանութեան, որ հրապարակուած է գերատեսչութեան կայքին մէջ:
«Յատկանշական է, որ ՄԱԿ յատուկ զեկուցողները բազմիցս անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէն ԼՂ ժողովուրդի իրավունքներուն՝ մշակութային իրաւունքներու խախտումներուն, հայկական ժառանգութեան ոչնչացման ու խեղաթիւրման դէպքերուն:
Ցաւօք, նոյնիսկ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի վերոնշեալ՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը չէ կեցուցած հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: Այո, այն զուգորդուած է նաեւ ատելութեան խօսքի դրսեւորումներով, ՀՀ տարածքի եւ ԼՂ պատմութեան մասին հակագիտական զեղծարարութեամբ», ընդգծած է Պատալեան:
Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնական Երեւան կարեւոր կը համարէ միջազգային հանրութեան կողմէ այս իրողութիւններու փաստագրումը, «Որ առաջնային նշանակութիւն ունի նմանօրինակ ոճրագործութիւններ կանխելու և տարածաշրջանի մէջ երկխօսութեան եւ կայուն խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատութեան համար»: